«Մեր Ներկայացուցածը Պաշտօններու Խնդրանք Չէ, Այլ Պահանջի Նուազագոյն Շեմ» Կ՛ըսէ Րաֆֆի Յովհաննէսեան
Րաֆֆի Յովհաննէսեանի` Սերժ Սարգսեանին ուղղուած նախանցեալ օրուան նամակը ամբողջովին կը ներկայացնէ անոր դիրքորոշումը: «Ես ինքս կ՛որոշեմ, երբ պիտի անցնինք յաջորդ հանգրուան, որպէսզի կարենանք ժողովուրդին աննախադէպ յաղթանակը արձանագրել: Այն համալիր լուծումը, որ ուղարկեցի պարոն Սարգսեանին, անբաժանելի է: Եթէ պարոն Սարգսեան երբեւէ ուզէ դէմ առ դէմ հանդիպիլ, քննարկել, պէտք է նկատի առնէ, որ այն, ինչ որ ուղարկուեցաւ, նուազագոյն շեմն է: Ասիկա չի նշանակեր, որ ան չի կրնար որոշ կէտ չհանել, բայց եթէ հանեց` համարժէք կէտ մը պէտք է աւելցնէ: Ուրախ կ՛ըլլամ, եթէ պարոն Սարգսեան ինծի հետ հանդիպելու ձեւ գտնէ: Երախտագիտութիւն յայտնելով բարի յորդորին համար` ես կ՛ըսեմ, որ կրնանք հրապարակին վրայ կամ ժողովուրդի տան մէջ որեւէ այլ օթեակի մէջ հանդիպիլ: Կրնանք այս հրապարակի յարակից սրճարանին մէջ հանդիպիլ», Ազատութեան հրապարակին վրայ տրուած բացօթեայ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին երէկ յայտարարեց Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ ընդգծեց, որ պէտք է հասնիլ սահմանադրական նոր Հայաստանի:
Ան նաեւ նշեց, որ կողմ է նաեւ այն տարբերակին, որ իր եւ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը ուղիղ եթերով հեռարձակուի եւ հանդիպման ներկայ ըլլան լրագրողներ:
Յովհաննէսեան անգամ մը եւս յստակացուց, որ Ազատութեան հրապարակէն դուրս պիտի չգայ:
«Ես հրապարակային մարդ եմ, եւ ատիկա թոյլ չի տար որեւէ գործարք, ամէն ինչ բաց պիտի ըլլայ: Կա՛մ տեղի պիտի ունենան արտակարգ ընտրութիւններ, կա՛մ գործող տէ ֆաքթօ իշխանութիւնը ժողովուրդին հետ պիտի երթայ իշխանութեան կիսման, ինչ որ արդէն ես ներկայացուցած եմ», Ազատութեան հրապարակին վրայ յայտարարեց Րաֆֆի Յովհաննէսեան:
Ան անդրադարձաւ իր հասցէին հնչող այն քննադատութիւններուն, թէ պաշտօններու առաջարկներ ներկայացնելով, ինք առեւտուր կ՛ընէ: Այսպիսի քննադատները անուանելով «չարաճճի չարակամներ»` Յովհաննէսեան նշեց, ինչ որ համեստաբար կրնայ ըսել միայն, որ անոնք կը սխալին: «Գործարք չկայ, գործարքներու մասին խօսողներն են գործարքի մէջ», յայտարարեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ մտավախութիւն չունի՞, որ իր ներկայիս գործողութիւնները զինք կը տանին Արթուր Բաղդասարեանի ճամբով, Յովհաննէսեան նախ նշեց, որ ուրիշներու մասին չի խօսիր եւ ինք պաշտօն պիտի չստանձնէ որեւէ կառավարութեան մէջ, ո՛չ համաձայնական կառավարութեան, ո՛չ ալ իբրեւ անհատ: Ան յայտարարեց, որ ինք այդ մատնացոյց կատարուած ճամբով պիտի չանցնի:
Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավարը նշեց, որ ասիկա պաշտօններու խնդրանք չէ այլ պահանջի նուազագոյն շեմն է: Ան անգամ մը եւս ընդգծեց, որ իր պահանջներուն մէջ որոշ շտկումներ կրնան ըլլալ, բայց էական շեղումներ` ոչ:

