Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Երեքշաբթի, 2 Ապրիլին Կը Սկսին Աղջկանց Ֆայնըլ-Ֆորի Մրցումները

Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ երեքշաբթի, 2 ապրիլին, կը սկսին աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումները:

Առաջինին իրարու դէմ պիտի մրցին դասաւորման առաջին դիրքը գրաւած ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Մութթահետ Թրիփոլի (4-րդ), իսկ երկրորդին` Ռիատի Պէյրութ եւ Անդրանիկ Պէյրութ:

Նշենք, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ ապահովող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:

Ստորեւ` յայտագիրը.

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 2 ԱՊՐԻԼ    ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ռիատի Պէյրութ – Անդրանիկ Պէյրութ 20:00 Ռիատի
ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ 20:30 Աղբալեան
 

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 4 ԱՊՐԻԼ

Մութթահետ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 20:00 Թրիփոլի
Անդրանիկ Պէյրութ – Ռիատի Պէյրութ 20:30 Տեմիրճեան
 

ՇԱԲԱԹ, 6 ԱՊՐԻԼ

ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ 16:00 Աղբալեան
Ռիատի Պէյրութ – Անդրանիկ Պէյրութ 18:00 Ռիատի
 

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 9 ԱՊՐԻԼ

Մութթահետ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 20:00 Թրիփոլի
 

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 10 ԱՊՐԻԼ

Անդրանիկ Պէյրութ – Ռիատի Պէյրութ 20:30 Տեմիրճեան
 

ՈՒՐԲԱԹ, 12 ԱՊՐԻԼ

Ռիատի Պէյրութ – Անդրանիկ Պէյրութ 20:00 Ռիատի
ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ 20:30 Աղբալեան

 

Share this Article
CATEGORIES