Փինկ Փոնկ. Աւօ Եւ Դուին Մումջողլեաններ Մեկնեցան Ժընեւ
Երէկ Ժընեւ մեկնեցան Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց ախոյեան Դուին Մումջողլեան եւ Լիբանանի 21 տարեկանէն վար փինկ փոնկի տղոց դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող Աւօ Մումջողլեան` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար փինկ փոնկի հայկական 10-րդ խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 29 մարտէն 1 ապրիլ:
Անոնց երկուքին այս խաղերուն մասնակցիլը ձեւով մը պատրաստութիւն է աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ` յառաջիկայ 13-20 մայիսին:
CATEGORIES Մարզական

