Ֆորմիւլա – Ռընոյի Ախոյեանութիւն. Շահան Սարգիսեան Իր Լաւագոյն Արդիւնքը Արձանագրեց Անգլիական Վազքուղիին Վրայ

Լիբանանահայ վարորդ Շահան Սարգիսեան նոր սկսելիք Ֆորմիւլա – Ռընոյի ախոյեանութեան արձանագրեց իր լաւագոյն արդիւնքը անգլիական վազքուղիին վրայ` նախորդ տարեշրջանին, «M-Tech lite» խումբին միանալէն ի վեր:

Յառաջիկայ 13 ապրիլին կը սկսի 2013 տարեշրջանը, երբ տեղի կ՛ունենայ Ա. հանգրուանի մրցումը` Տոնինկթընի վազքուղիին վրայ:

Սարգիսեան պիտի ըլլայ վերոնշեալ խումբին երեք վարորդներէն մէկը, որ պիտի վարէ անոր ինքնաշարժը:

Անդրադառնալով փորձերուն իր ձգած լաւագոյն արդիւնքին եւ նոր սկսելիք ախոյեանութեան` Սարգիսեան ըսաւ. «Այս փորձերը առիթ էին, որպէսզի մեր խումբին ինքնաշարժին ունեցած կարողութիւնները ի յայտ գան: 16 վարորդներուն մէջ 5-րդ դիրքին վրայ գտնուիլը արդէն իսկ մեծ նուաճում մը կարելի է նկատել: Բնականաբար, դժուար ախոյեանութիւն մը տեղի պիտի ունենայ` նկատի ունենալով, որ կան այնպիսի փորձառու վարորդներ, որոնք անհամբեր կը սպասեն տիտղոսներու տիրանալու համար: Սակայն, այժմէն կու գամ ըսելու, որ իմ գլխաւոր նպատակս է առաջին հինգին մէջ ըլլամ»:

 

Share this Article
CATEGORIES