«Հայաստանի Հաւաքականը Փոխած Է Իր Խաղաոճը» Կ՛ըսէ Փիթըր Չեխ

Չեխիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Փիթըր Չեխ նախանցեալ օր տեղի ունեցած Հայաստան – Չեխիա (0-3) մրցումին անդրադառնալով ըսաւ, որ թէեւ իր կազմը ինք եղաւ մրցումին երեք կէտը խլողը, սակայն դաշտին տէրը բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարեց:

«Մրցումին սկիզբը հայ ֆութպոլիստները կը փորձէին մեր վրայ ճնշում բանեցնել, սակայն պաշտպանողականի դիմելով մեր բերդը կրցանք անառիկ պահել: Այսուհանդերձ կ՛ուզեմ նշել, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի հաւաքականին խաղաոճը փոխուած է: Անոնց դէմ մրցումները հետզհետէ կը դժուարանան, որովհետեւ անոնց կազմին մէջ կը գտնուին լաւ եւ փորձառու մարզիկներ», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES