Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Հրապուրելու ձեր արժանիքը պիտի շեշտուի: Այս իրողութիւնը պիտի ունենայ իր դրական անդրադարձը` ընկերային ձեր յարաբերութեան վրայ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Միասնական խորհրդակցութիւնը պիտի ունենայ արդիւնաւէտ ելք: Ձեր պատրաստակամութիւնը պիտի ջնջէ ուրիշներուն դժկամութիւնը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընկերովի աշխատանք մը կը ծրագրէք: Եթէ գործին կարեւոր մասը դուք ստանձնէք, ծրագիրը արագ ընթացք կ՛ունենայ եւ յաջողութեամբ կը պսակուի:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նոր լուրեր պիտի ստանաք արտասահմանէն: Ձեզմով հետաքրքրուողներ կան, հետեւաբար ձեր լուրերը փոխանցեցէք անոնց: Ապահով զգացէք դուք ձեզ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ձանձրոյթ զգաք խճողուած վայրերը, եթէ կ՛ուզէք մեկուսանալ, օրը յարմար է: Կրնաք ձեր ժամերը անցընել ընթերցանութեամբ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Սուտ լուրերը շուտ կը տարածուին: Ստուգեցէք ձեր լսածը եւ ապա մնացէք հանգիստ միտքով: Ձեր որոշակի նկատողութիւնը պիտի գնահատուի:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պատրաստուեցէք տօնական օրը դիմագրաւելու ընտանեկան ցնծութեամբ: Ամէն մարդ կը սպասէ նման օրուան մը` հոգեկան խաղաղութիւն զգալու:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շրջապատուած էք բարեկամներով: Ունիք ձեր նիւթական պարտաւորութիւնը թեթեւցնելու առիթներ: Ձեր մտահոգութիւնը պիտի փարատի շուտով:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դժկամութեամբ կամ թիւրիմացութեամբ ձեզմէ հեռացած անձի մը պիտի միանաք: Ձեր ուրախութիւնը պիտի փոխանցուի ձեր շուրջիններուն, որոնք կը սպասէին նման հանդիպումի մը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ծրագիրները պիտի մշակէք օժանդակութեամբ փորձագէտներու: Պիտի արժեւորէք շնորհալի անձերը` անոնց հետ հանդիպելու առիթ ստեղծելով:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կարճատեւ տեղափոխութիւն մը կը նախատեսուի ձեր առօրեային մէջ: Ոչ հեռաւոր վայր մը ձեր այցելութիւնը պիտի ունենայ շինիչ դեր մը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Առանձին մնալ կ՛ուզէք` ստեղծագործական աշխատանք մը իրագործելու: Կատարեցէք ձեր փափաքը առանց կասկածի: Այս պարագային կասկածամտութիւնը հեռացուցէք ձեզմէ:

Share this Article
CATEGORIES