50 Տարի Առաջ (29 Մարտ 1963)
Հայ Գիրքի Ապագան
Նախանցեալ տարի, Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ հեռաւոր Ամերիկաները, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ, հայ գիրքի հրատարակութիւնը մեծ նուաճումներ արձանագրեց: Կարելի չէ մէկ առ մէկ թուել պատմական, տեղագրական, յուշագրական, գրական թէ բանաստեղծական հրատարակութիւնները եւ անոնց հեղինակները, որոնցմէ ոմանք նոր կը մտնէին գրական եւ մշակութային ասպարէզ: Հայ մամուլը, խանդավառութեամբ, ո՛չ միայն իր ուրախութիւնը յայտնեց հրատարակուած իւրաքանչիւր հատորի համար, այլ նոյնիսկ առանձնապէս անդրադարձաւ հրատարակութեանց եւ անոնց հեղինակներուն: Անշուշտ գտնուեցան նաեւ մարդիկ, որոնք դժգոհեցան գիրքերու գերարտադրութեան համար, մինչ քաղաքակիրթ երկիրներ` Անգլիա եւ Ֆրանսա, տարեկան մի միայն 300 հատոր վէպ կը հրատարակեն եւ քանակի ընդմէջէն կը քննեն, կը քննադատեն, կը քաջալերեն ու կը գնեն: Հրատարակուած հատորները ի՞նչ ճակատագիր ունեցան մեր իրականութեան մէջ` դժուար է յիշել եզրակացութիւնը: Հայ հեղինակը հոգեկան անչափելի հրճուանքով լոյս կ՛ընծայէ իր հատորը, երբեմն տարիներու տքնաջան աշխատանքով, բայց որո՞ւ համար. քանի՞ հոգի գրատուն կ՛երթայ հայերէն գիրք գնելու, քանի՞ հոգի կը հետաքրքրուի հայկական գիրքերով: Պատասխանը ծանօթ է մեր բոլորին… դժբախտաբար հայ գիրքը սփիւռքի մէջ հետզհետէ կը նահանջէ: Հեղինակները, եթէ ժամանակին իրենց հատորէն 2000 օրինակ կը հրատարակէին, այսօր 1000 օրինակ իսկ չեն համարձակիր հրատարակել եւ կը բաւարարուին 500-ով: Դժբախտաբար մեր այս պայմաններու մէջ 500 հատոր գիրք սպառելն իսկ քաջութիւն է եւ հեղինակը մեծ դժուարութեամբ հրատարակութեան ծախսը ապահոված, երբեմն նոյնիսկ ապառիկ հրատարակուած գիրքերու ծրարները երկար ատեն գրատուներու փոշիներու տակ մնալէ ետք կ՛երթան տուներու մէկ անկիւնը դիզուելու: Ո՞ւր պիտի հասնինք այս ողբերգական ընթացքով, ո՞վ պիտի մտածէ այս մասին, ո՞վ համոզուած չէ, որ հայ գրականութիւնը հայ գիրքերու սպառումով միայն կարելի է պահպանել: Ֆրանսայի մեծագոյն հրատարակչատուները, Անգլիոյ եւ Նիւ Եորքի գիրքի տարածման միութիւնները լծուած են այս ուղղութեամբ օրինակելի եւ գովելի աշխատանքի: Հեղինակը ոչ միայն տպագրական մտահոգութիւն չունի, այլ վստահ է մինչեւ իսկ, որ իր հատորը լոյս չտեսած` սպառած է արդէն բաժանորդ-ընթերցողներու մէջ: Գիրքի տարածման աշխատանքը կազմակերպուած է նաեւ Հայաստանի մէջ, ուր հրատարակուած հատորները պետական նպաստով նուէր կը տրուին զանազան թաղային, շրջանային եւ վարժարանային գրադարաններուն: Հայրենիքի մէջ եւս ընթերցողներ շատ քիչ են, մէկ խօսքով` հայը կարծէք վարժուած չէ եւրոպացիներուն նման գիրք գնելու:
Արտասահմանի մէջ մշակութային միութիւններու աւագ մտահոգութիւնը պիտի ըլլայ հայ գիրքի սպառումը: Ձեռնարկներէն, դասախօսութիւններէն աւելի` պիտի տարածեն հայ գիրքը, պիտի քաջալերեն հայ հեղինակը` փրկելու համար հայ գրականութիւնը: Մեր գաղութը մշակութային այսքան ուռուցիկ խանդավառութեան մէջ քանի՞ հանրային գրադարան-մատենադարան կամ ընթերցարան ունի, ազգային եւ հայկական բոլոր վարժարանները միատեղ` անհրաժեշտ գիրքերով օժտուած քանի՞ տիպար գրադարաններ ունին:
Մշակութային, գրական եւ կրթական կազմակերպութիւններն ու ընկերակցութիւնները, եթէ չեն կրնար ուղղակի յանձն առնել արժէքաւոր երկերու հրատարակութիւնը, կարելի է նուազագոյնը օժանդակել հրատարակուած գիրքերու տարածման` բարերարներու եւ գրասէրներու միջոցով: Ինչպէս ունինք զանազան հաստատութիւններ, ստեղծենք նաեւ հայ գիրքի տարածման ֆոնտ մը կամ յանձնախումբ մը, հայկական վարժարաններու, հայոց լեզուի մէջ յառաջադէմ աշակերտներուն հայերէն գիրք նուիրենք, վարժարանային, թաղային եւ միութենական բոլոր գրադարանները օժտենք հայ գիրքերով եւ քաջալերենք ընթերցասիրութիւնը, որովհետեւ ընթերցասէր ժողովուրդը միայն գիտէ պահել իր պապենական ժառանգութիւնը: Մասնաւորաբար մեր պարագային, հայրենազուրկ հայութեան համար, փրկութեան ուղին, գոյութեան մեծագոյն կռուանը եղած է հայ մշակոյթը, հայ գրականութիւնը: Ժամանակն է, որ գաղթական ըլլալէ դադրած հայութիւնը, իր ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանելէ ետք, այսօր մտածէ իր ազգային գոյութեան ու յարատեւման մասին. իսկ հայութիւնը կը պահուի լեզուի ու մշակոյթի ճամբով, գիրքերու էջերուն մէջ պարզուած հայ հարստութիւնը հարկ է փոխանցել հասնող սերունդներուն:
Անցնող տարին հայ գիրքի հրատարակութեան համար աննպաստ եղաւ: Շատ քիչ է թիւը հրատարակուած գիրքերու` մեր մտահոգութիւնները իրականութեան մօտեցնելով:
Փրկենք հայ գիրքը, քանի տակաւին ուշ չէ՛, հայ ընթերցո՛ղ, հայ գրականութեան հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը վերջնականօրէն մարած չէ:
ԱՐՄԷՆ ՏՕՆՈՅԵԱՆ

