Արուեստի Աշխարհէն. «Դուն Չես Գիտեր, Թէ Գեղեցիկ Ես»…
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԵՐԳԻԾԱԲԱՆ ՍԹԻՖԸՆ ՔՈԼՊԸՐԹ «ԿԸ ՔԱԿԷ» ՓՈՓ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՄԷՋ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ ԱՒՍՏՐԻԱՑԻ-ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԹՈՒԱԲԱՆԱԳԷՏ-ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ ՔԸՐԹ ԿՈՏԸԼԻ ՈՒՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ: ՃԵՍԻ ԿԱԼԵՖ ԻՐ ԳԻՏԱԿԱՆ-ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ «ՄԵԺԸՐ ԱՖ ՏԱՈՒԹ» ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԳՐԷ, ԹԷ ԱՆ ԿԸ ԳՏՆԷ ԱՅՆՊԻՍԻ ՆՈՐ ԻՄԱՍՏՆԵՐ, ՈՐՈՆՑ ՄԱՍԻՆ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՉԵՆ ՄՏԱԾԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԸ ԵՒ ՈՒՆԿՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ:
Կը կարծէի, թէ չէի սիրեր փոփ երաժշտութիւնը: Սակայն ի յայտ եկաւ, թէ չէի լսած այն երգերը, որոնք հարցադրումներ կը ստեղծեն տրամաբանութեան եւ ուսողութեան հիմնաքարերուն վերաբերեալ: Բարեբախտաբար Սթիֆըն Քոլպըրթ մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ հրաշալի, նաեւ երկդիմի փոփ երգի մը վրայ. «Տեթ՛ց ուաթ մէյքս եու պիութիֆուլ» (այս պատճառով գեղեցիկ ես): Երգը կը պատկանի անգլիացի եւ իրլանտացի երիտասարդներէ բաղկացած փոփ խումբի մը, որ կը կոչուի «Ուան տայրեքշըն»: Եթէ կը փափաքիք տեսնել, թէ Սթիֆըն ինչպէ՛ս մէկ կէտի վրայ կեդրոնացած ճիգով հրաշալի ճշգրտութեամբ «կը քակէ» երգին բառերը, կրնաք դիտել մեր կայքէջին մէջ զետեղուած տեսերիզը (լաւ մասը կը սկսի 1:54-րդ վայրկեանին):
Սակայն անոնց համար, որոնք չեն կրնար դիտել տեսերիզը, այստեղ կը ներկայացնենք Քոլպըրթի մտասեւեռումը` հապճեպ արտագրութեամբ:
Երգը` «Տեթ՛ց ուաթ մէյքս եու պիութիֆուլ» պարզապէս քաշողական չէ, այլ նաեւ կը բովանդակէ խոր պատգամ մը. «Դուն չես գիտեր, թէ գեղեցիկ ես: Այս պատճառով գեղեցիկ ես»:
Նախ` ամէն բանէ առաջ ասիկա լաւ խորհուրդ մըն է աղջիկներուն. համեստ ինքնարժեւորումը շատ գրաւիչ է տղամարդոց համար: Տղամարդիկ կը սիրեն դիւրին հասանելի ընտրանքները:
Երկրորդ` երգին բառերը աներեւակայելի համեմատութեամբ բարդ են: Այս տղաքը կ՛երգեն. «Դուն չես գիտեր, թէ գեղեցիկ ես: Այս պատճառով գեղեցիկ ես»: Սակայն անոնք ճիշդ այս ըսելով` արդէն կը յայտնեն աղջկան, թէ ինք գեղեցիկ է: Եւ որովհետեւ այժմ աղջիկը գիտէ, որ ինք գեղեցիկ է, ուրեմն այլեւս գեղեցիկ չէ:
Խնդրեմ, հետեւեցէք մտածումիս թելին, որովհետեւ հարցը շատ աւելի խոր է: Աղջիկը եւս կ՛ունկնդրէ երգը: Ուրեմն ան գիտէ՛, թէ ինք գեղեցիկ չէ: Իսկ երգին հետեւաբանութեան (սիլըճիզմ) համաձայն, ան անմիջապէս դարձեալ կը գեղեցկանայ:
Ասիկա կը նմանի կոտորակային տեսութեան, ուր վերջ գոյութիւն չունի: Նուազագոյն տարբերութեամբ գրաւիչ ըլլալու եւ չըլլալու պլպլացող վիճակ մըն է: Ըսել կ՛ուզեմ` իբրեւ կրկնուող հանրահաշիւ (ալկորիթմ) ձեւաւորուած այս երգը կրնայ առաջնորդել երաժշտական բոլորովին նոր սեռի մը: Զայն պիտի կոչեմ Մոպիըս փոփ: Անիկա պիտի ընդգրկէ «Ուան տայրեքշըն» խումբը եւ անշուշտ` գծանկարային ռափ ոճը կիրարկող հոլանտացի արուեստագէտ Մորիս Քոռնելիս Էսխըրը:
Կ՛ըսեն, որ դէպի տղամարդու մը սիրտը առաջնորդող ճամբան կ՛անցնի ստամոքսէն: Սակայն, անկեղծօրէն, կրկնուող կոտորակները եւ նուազագոյն տարբերութեամբ պլպլացող վիճակները շատ աւելի դեր ունին տղամարդու մը սիրտը գրաւելու մէջ: Մտային խթան կարելի է գտնել ամէն բանի մէջ:
Սակայն կայ աւելի՛ն:
Խնդրեմ` հետեւեցէք մտածումիս թելին, որովհետեւ հարցը շատ աւելի խոր է:
Եկէք` քիչ մը աւելի վերլուծենք այս երկսայրի հարցը:
1. Աղջիկը չի կրնար ԳԻՏՆԱԼ, որ ինք գեղեցիկ է, որովհետեւ, ինչպէս Սթիֆըն կը մատնանշէ, այս մէկը կ՛առաջնորդէ տրամաբանութեան հակասութեան մը. այսինքն այլեւս գեղեցիկ չէ:
2. Ան չի կրնար ԳԻՏՆԱԼ, որ ինք գեղեցիկ չէ, որովհետեւ այս մէկը եւս կ՛առաջնորդէ տրամաբանութեան հակասութեան մը. այսինքն ան դարձեալ պիտի գեղեցկանայ:
3. Աղջկան համար անկարելի է գիտնալ, թէ ինք գեղեցիկ է կամ գեղեցիկ չէ: Հետեւաբար պատասխանը անորոշ կը մնայ իրեն համար:
4. Այս անորոշութիւնը կը գոհացնէ նախապայմանները. աղջիկը չի գիտեր, թէ ինք գեղեցիկ է, հետեւաբար անկասկած որ գեղեցիկ է, եւ չի կրնար ԳԻՏՆԱԼ, որ ինք գեղեցիկ է:
Հետեւաբար ի յայտ կու գայ, թէ ան չի գտնուիր նուազագոյն տարբերութեամբ գրաւիչ ըլլալու եւ չըլլալու պլպլացող վիճակի մը մէջ: Ան մշտապէս գրաւիչ է, սակայն միջոց չունի գիտնալու այս, առանց իյնալու տրամաբանութեան հակասութեան մէջ: Դուրսէն դիտուած` այս մէկը ճիշդ կրնայ թուիլ մեզի: Սակայն աղջկան ուղեղը չի կրնար հասնիլ այս եզրակացութեան, նոյնիսկ եթէ կարենայ հետեւիլ տրամաբանութեան նոյն կառոյցին: Տարօրինակ է, չէ՞:
Ապա յանկարծ անդրադարձայ, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ: Երգին բառերը հրաշալի մէկ օրինակն են Կոտըլի մէկ նախադասութեան: Կոտըլի հռչակաւոր «Ինքոմփլիթնես թիըրըմզ» գիրքը կը բովանդակէ նախադասութիւններ, որոնք ճիշդ են, սակայն կարելի չէ զանոնք փաստել յատուկ համակարգի մը մէջ: Կոտըլ ցոյց տուած է, թէ ուսողութեան մէջ բացայայտ ճշմարտութիւններու իւրաքանչիւր շարք (աքսիըմ), որ բաւական ամբողջական է` ծառայելու համար իբրեւ թուաբանութեան հիմք, կը բովանդակէ հետեւեալ հաստատումներէն առնուազն մէկը. բան մը, որ յայտնապէս ճիշդ է դուրսէն դիտուած, սակայն ճիշդ չէ նոյնինքն տուեալ ճշմարտութեան բնոյթով: Ան գտած էր ձեւը` հասկնալի ձեւով ծածկագրելու հետեւեալ գաղափարը. բացայայտ ճշմարտութիւնները չեն ապացուցեր, թէ տուեալ նախադասութիւնը ճիշդ է: Ասիկա կը ստեղծէ հետեւեալ հարցը. ուսողական հաստատում մը ե՞րբ կրնայ ճիշդ ըլլալ, եթէ ոչ` այն պարագային, երբ կարելի է զայն հետեւցնել բացայայտ ճշմարտութիւններէ:
Կոտըլի յայտնաբերումները ցնցեցին ուսողութեան աշխարհը եւ իրենց անդրադարձը ունեցան ուղեղի փիլիսոփայութեան վրայ` ծնունդ տալով շարք մը հարցումներու: Օրինակ`
– Ի՞նչ կը նշանակէ կառչիլ հաւատքի մը` իբրեւ ճշմարիտին:
– Մեր ուղեղը ի՞նչ գործի վրայ է, երբ կը կատարենք խորաթափանց մտածելու ոստումը (եթէ երբեք կարելի է այսպէս կոչել զայն), որ մեզի կ՛ըսէ, թէ Կոտըլի մէկ նախադասութիւնը ճիշդ է:
– Այս երեւոյթը ինչպէ՞ս մեզ կը տարբերէ համակարգիչներու հանրահաշիւէն, որ վարակուած է ոչ ամբողջական ըլլալու իր սեփական տարբերակով, այսինքն` տեղ մը կանգ առնելու կամ ընդմիշտ շարունակուելու որոշումը կայացնելու անկարողութեամբ:
Գաղափար չունէի, թէ փոփ երաժշտութիւնը այսքա՛ն խելացի էր:
Արդեօք այս երիտասարդները աղջիկը կը նմանցնէին ոչ թէ ամրան օրի մը, այլ` անսահման յիշողութեամբ համակարգիչի՞ մը: Արդեօք անոնք իրենց ունկնդիրները կը փառաւորէին` յիշեցնելով, թէ ոչ ամբողջականութեան տեսութեան կարգ մը մեկնաբանութիւններու համաձայն, մենք աւելի՛ն ենք, քան` հանրահաշիւի համակարգով աշխատող գործիքները: Արդեօք անոնք խորախորհուրդ հաստատո՞ւմ մը կը կատարէին ուղեղի եւ մարմնի երկուութեան վերաբերեալ:
Չեմ գիտեր, սակայն յայտնապէս պէտք է աւելի յաճախ ձայնասփիւռ ունկնդրեմ:
Ինչպէս կ՛ըսեն Սայրըս Սայպըրնեթիքս ընկերութեան մէջ, բաժնեցէ՛ք եւ վայելեցէ՛ք:

