Արուեստի Աշխարհէն. Մոնա Լիզա` Դէպի Լուսին
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Այս նկարը ցոյց կու տայ, թէ Մոնա Լիզայի պատկերը ի՛նչ վիճակի մէջ հասած է լուսին: Ձախ կողմը գաղափար մը կու տայ, թէ ի՛նչ երեւոյթ ունէր պատկերը` նախքան սրբագրուիլը: Աջ կողմը արդէն սրբագրուած է:
ԼՈՒՍՆԻ ՎՐԱՅ ԶԵՏԵՂՈՒԱԾ ԱՐԲԱՆԵԱԿԻ ՄԸ ՀԵՏ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՐՁ ՄԸ ԿԱՏԱՐԵԼՈՎ` ՆԱՍԱ-Ի ԳԻՏԱՇԽԱՏՈՂՆԵՐԸ ՄՈՆԱ ԼԻԶԱՅԻ ՊԱՏԿԵՐԸ ԵՐԿԻՐԷՆ Կ՛ՈՒՂԱՐԿԵՆ ԴԷՊԻ ԾԻՐԻ ՎՐԱՅ ԶԵՏԵՂՈՒԱԾ ԼՈՒՍՆԱՅԻՆ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐԲԱՆԵԱԿԸ: «ԷՆ. ՊԻ. ՍԻ. ՆԻՈՒԶ» ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԼԷՅԶԸՐ ՃԱՌԱԳԱՅԹՈՎ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԸ ԿՐՆԱՅ ՆՈՐ ԷՋ ՄԸ ԲԱՆԱԼ ԱՐԲԱՆԵԱԿԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ:
ՆԱՍԱ Մոնա Լիզայի գեղանկարը կը վերածէ թուային (տիճիթըլ) առաջին պատկերին, որ լէյզըր ճառագայթի մը միջոցով Երկիրէն կ՛ուղարկուի դէպի լուսնային ծիրի վրայ տեղադրուած արբանեակ մը, Երկիրէն շուրջ 360 հազար քմ հեռու: ՆԱՍԱ-ի ի գործ դրած արհեստագիտական այս նոր միջոցը կրնայ շուտով դառնալ շատ սովորական:
Փորձարկութեան համար օգտագործուած է լէյզըր ճառագայթով հետքեր փնտռելու ծառայող համակարգ մը, որ կը գործածուի ՆԱՍԱ-ի Լուսնային հետազօտութեան արբանեակին վրայ: Երեքուկէս տարիէ ի վեր այս արբանեակը կը դառնայ լուսնին շուրջ: ՆԱՍԱ լուսնային ծիրի վրայ տեղադրուած իր արբանեակին ճշգրիտ դիրքը գիտնալու եւ չափելու համար Մերիլենտի Անջրպետագնացութեան Կոտարտ կեդրոնին Նեքսթ ճենըրէյշըն սեթըլայթ ռենճինկ կայանէն կանոնաւոր կերպով լէյզըր ճառագայթի տրոփումներ կ՛ուղարկէ դէպի արբանեակին բարձրաչափը (ալթիմիթըր), որ ծանօթ է ԼՕԼԱ անունով (Լիւնըր Օրպիթըր Լէյզըր Ալիթիմիթըր):
Ուսումնասիրողները Տա Վինչիի առեղծուածային գլուխ գործոցին սեւ ու ճերմակ մէկ պատկերը ծածկագրած են համակարգիչի լեզուով` զայն բաժնելով ամենափոքր մասնիկներու: Իւրաքանչիւր մասնիկ ներկայացուած է սեւէն մոխրագոյն եւ դէպի ճերմակ հակող երանգով մը եւ թուագրուած է զերոյէն 4095: Ապա իւրաքանչիւր մասնիկի համար նշան մը դրուած է կայանին լէյզըրի հետքեր փնտռող տրոփումներուն վրայ եւ մէկ երկվայրկեանի մէջ արձակուած է շուրջ 300 տրոփում:
Մինչ լուսնային արբանեակը կը ստանար տրոփումները, անդին` ԼՕԼԱ-ի համակարգչային ծրագիրը կ՛օգտագործէր իւրաքանչիւր տրոփումը ստանալու ճշգրիտ պահը` պատկերացնելու համար տուեալ մասնիկի մը գունային երանգը: Այս ձեւով անիկա վերակազմած է Մոնա Լիզայի սեւ ու ճերմակ պատկերը: Գործընթացը այնքան ալ կատարեալ չէր: Երկրագունդին օդի խաւերուն մէջ ցնցումներ պատճառ դարձած էին սխալներու` լէյզըր ճառագայթով կատարուած փոխանցումներուն մէջ, նոյնիսկ երբ երկինքը պայծառ էր: Սխալներու համեմատութիւնը 15 առ հարիւր էր: Ուսումնասիրողները օգտագործած են վնասուած խտասալիկներ եւ Տի. Վի. Տի.ներ մաքրելու ձեւը (Ռիտ-Սոլոմոն տէյթա քոտինկ)` սրբագրելու համար զանոնք:
Նկարը անցած էր նոր գործընթացէ մը եւ վերադարձուած էր Երկիր` արբանեակին ելեկտրոնային սովորական հաղորդակցութեան միջոցով, վստահ ըլլալու համար, թէ Մոնա Լիզա առանց որեւէ վնասներ կրելու պիտի տոկար ուղեւորութեան: Մինչ այդ արբանեակը առանց ընդմիջումի կը շարունակէր կատարել քարտէսագրումի իր պարտականութիւնները:
Այս փորձարկութեան մասին ուսումնասիրական յօդուած մը լոյս տեսած է «Օփթիքս Օքսփրես» թերթին մէջ:
Յօդուածին գլխաւոր հեղինակը կը բացատրէ Մոնա Լիզան դէպի լուսին արձակելու ընտրութեան պատճառները. գեղանկարը շատ աւելի տեսողական յատկութիւններ կը պարունակէ, քան` պարագայական թիւերու շարքեր: «Ծանօթ պատկեր մըն է` բազմաթիւ նրբութիւններով,- կը գրէ ան:- Անմիջապէս կը զգաս, որ պատկերը յստա՞կ է, թէ՞ պղտոր, եւ թէ` ինչ համեմատութեամբ մանրամասնութիւններ կորսուած են»:
Առաջին անգամ է, որ մէկ ուղղութեամբ լէյզըրով հաղորդակցութեան կապ կը հաստատուի մոլորակային հեռաւորութեան վրայ, ինչպէս կ՛ըսէ ԼՕԼԱ-ի գլխաւոր հետազօտող Տէյվիտ Սմիթ` ՆԱՍԱ-ի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ:
«Մօտիկ ապագային այս ձեւի լէյզըրով հաղորդակցութիւնը կրնայ ծառայել իբրեւ յաւելեալ միջոց` արբանեակներու ելեկտրոնային հաղորդակցութեան կողքին,- կ՛ըսէ Սմիթ:- Աւելի հեռու ապագային, անիկա կրնայ առիթ տալ ելեկտրոնային այժմու հաղորդակցութեան միջոցներէն շատ աւելի արագ եւ մեծ թիւով տեղեկութիւններ փոխանցելու»:
Մէկ երկվայրկեանի մէջ 300 տրոփում արձակելու համեմատութիւնը շատ դանդաղ կրնայ թուիլ ներկայ ժամանակներու չափանիշներով: Սակայն ՆԱՍԱ կը ծրագրէ օգոստոսին դէպի լուսին իր յաջորդ ուղեւորութեան համար օգտագործել շատ աւելի արագ լէյզըրով հաղորդակցութեան միջոց մը, որ մէկ երկվայրկեանի մէջ պիտի փոխանցէ աւելի քան 600 միլիոն տրոփում:
ՆԱՍԱ 2017-ին լէյզըրով հաղորդակցութեան ռատար մը պիտի տեղադրէ դէպի ծիր արձակուած արբանեակի մը մէջ եւ պիտի փորձարկէ ճառագայթով հաղորդակցութեան միջոց մը: Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ ճառագայթով գործող համակարգեր ելեկտրոնային աւանդական միջոցներէ 10-100 անգամ աւելի արագ կրնան տեղեկութիւն փոխանցել եւ` շատ աւելի նուազ տեղ գրաւելով:
Ո՞վ գիտէ, թերեւս Մոնա Լիզա կրնայ նշել վերածնունդի մը սկիզբը` արբանեակներու սրընթաց հաղորդակցութեան մէջ:

