Կիներու Միջազգային Օր
Հինգշաբթի, 7 մարտ 2013-ին, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Զուարթնոց» մասնաճիւղին (Հազմիէ), հովանաւորութեամբ Շրջանային վարչութեան, տեղի ունեցաւ կէսօրուան ճաշկերոյթ, «Ուայթ թաուըր» պանդոկի սրահին մէջ: Ներկայ էին մասնաճիւղին անդամները, նաեւ այլ մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ` ԼՕԽ-ի համակիրներ:
Ժամը 10:30-ին վարչութեան ատենապետը իր բացման խօսքով հրաւիրեց ներկաները` յոտնկայս ունկնդրելու Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգները: Ապա հրաւիրեց ներկաները համտեսելու հայկական Մեծ պահոց աւանդական ճաշերէն:
Խումբ մը երիտասարդ հայ տղաք նուագեցին հայկական եւ օտար եղանակներ, որոնց հետեւեցաւ երիտասարդ պարողներու խումբ մը` ստեղծելով ջերմ մթնոլորտ: Երգիչ տղաքն ալ, խանդավառուելով, բարձրացուցին իրենց ձայները` պարողներուն թիւը աւելցնելով:
Վարչութեան երիտասարդ անդամուհիները իրենց աշխուժ երթեւեկով հիացում պատճառեցին ներկաներուն: Շնորհակալական եւ շնորհաւորական խօսքերով, յաջողութիւններ մաղթելով` բաժնուեցանք ուրախ տրամադրութեամբ:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

