Թմրեցուցիչի Դէմ Պայքարի Վերաբերող Դասախօսութիւն
Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէութեան եւ գործակցութեամբ թմրամոլութեան կանխարգիլման «Հորիզոն» կեդրոնին, երկուշաբթի, 25 մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին Ռաուտայի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ լսարան մը` նիւթ ունենալով թմրեցուցիչի կանխարգիլումը:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէէն Պետիկ Ծառուկեան, որ հակիրճ կերպով նշեց թմրեցուցիչի գործածութեան ունեցած վնասները, յատկապէս` երիտասարդութեան մօտ:
Երկրորդ խօսք առնողն էր «Հորիզոն» կեդրոնի վարչական անդամներէն Սերժ Գալուստեանը, որ նշեց, թէ թմրեցուցիչ գործածելու պարագան Լիբանանի մէջ հասած է ահազանգային վիճակի: Անոր խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ «Հորիզոն» կեդրոնին պատրաստած 10 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզը: Սերժ Գալուստեան մանրամասնօրէն բացատրութիւն տուաւ, թէ ի՛նչ են թմրեցուցիչ գործածելու եւ թմրամոլ դառնալու տուեալները, ինչպիսի հանգրուաններէ կ՛անցնի թմրամոլը: Ան անդրադարձաւ թմրեցուցիչի գործածութեան, զայն վաճառելու եւ անոր մոլին դառնալու հանգրուաններուն` շեշտելով, որ կան թմրամոլը դարձի բերելու ձեւերն ու միջոցները, որոնք կ՛ենթադրեն երկար հանգրուաններ:
Աւարտին Ս. Գալուստեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

