Միջինք` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան Կազմակերպութեամբ
Կազմակերպութեամբ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, 13 մարտին «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջինքի հաւաքոյթ:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Տիկնանց միութեան ատենապետ Մանուշակ Թորոսեան: Ան նկատել տուաւ, որ այս տարի եկեղեցւոյ 75-ամեակն է եւ հակառակ Լիբանանի եւ յատկապէս շրջանին մէջ տիրող քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն` եկեղեցին կը յարատեւէ: «Ձեր ներկայութիւնը եւ օժանդակութիւնը լաւագոյն փաստն է, որ մենք կը յարատեւենք` մեր վառ ջահը փոխանցելով մեր ապագայ երիտասարդութեան», հաստատեց Մ. Թորոսեան:
Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քեշիշեան խօսք առնելով` ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց եկեղեցւոյ պատմականը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պարգեւատրում` եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան նախկին ատենապետուհիներ` Անահիտ Բագրատունիի, Ալիս Տէր Մանուէլեանի եւ Քնարիկ Թորիկեանի:
Սրբազան հայրը խօսք առնելով` բարձր գնահատեց Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած եւ եկեղեցւոյ ծառայող անձերը: Ան երախտագիտական խօսք ուղղեց ատենապետուհիներուն, որոնք տարիներ ամբողջ ծառայած են: Ան շեշտը դրաւ ծառայութեան եւ տարեցները յարգելու պարտականութեան վրայ: Սրբազանը իր կարգին եւս կատարեց եկեղեցւոյ պատմականը` բացատրելով, որ եկեղեցին նախապէս հոգետուն էր եւ կը ծառայէր իբրեւ կանգառ` Լաթաքիայէն եկող ուխտաւորներուն համար, որոնք կ՛ուղղուէին դէպի Երուսաղէմ: Ան նկատել տուաւ, որ 1938-ին կառուցուեցաւ ներկայ Ս. Նշան եկեղեցին` նախկին հոգետունին աւերակներուն վրայ: Եկեղեցւոյ բարերարը եղած են ժողովուրդը եւ Տիկնանց միութիւնը:
Նշենք, որ ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ Ատուր Մկրտիչեանի` քամանչա եւ Արամ Փափազեանի` տհոլ, որոնք մեկնաբանեցին հայկական եղանակներու փունջ մը:

