Անդրադարձ. Հայկական Ձեռագործներու Ուսուցում ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբին
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ Արամ Ա. կաթողիկոս 2013 տարին հռչակեց Հայ մօր տարի:
Քաջալերուած այս սրտամօտ որոշումէն` Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ձեռարուեստի յանձնախումբը յարմար նկատեց հայկական ձեռագործներու ուսուցման դասընթացք մը կատարել ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի աշխատանոցին մէջ (ԱՖԷՏ-ի շէնք): Ծանուցուեցաւ մամուլով եւ ձայնասփիւռով: Այս նախաձեռնութիւնը կը շարունակուի տարիներէ ի վեր, որպէսզի պահպանուին հայկական մշակոյթի անբաժան մէկ երեւոյթը եղող հայկական ձեռագործները, իւրաքանչիւրը` մեր բռնագրաւուած քաղաքներու եւ գաւառներու մէջ իրագործուած, մեր շնորհալի եւ տաղանդաւոր հայուհիներու ձեռքերով, անոնց նուրբ, ստեղծագործ մատներով:
Այս տարուան դասընթացքները եղան անվճար` ի յարգանս եւ իբրեւ նուէր մեր մայրերուն: Փակագիծի մէջ ըսեմ, որ ամէն տարուան կատարուած ձեռագործներու ուսուցման վճարումը կ՛ըլլայ չնչին, շատ մատչելի սակով:
Ուրախութեամբ իմացանք, թէ այս դասընթացքներուն մասնակցած են երիտասարդ հայուհիներ: Ծրագրի վրայ էր երեք քաղաքներու` Մարաշի, Այնթապի, Ուրֆայի ձեռագործները, նաեւ` ասեղնագործ: Իւրաքանչիւր «ասեղ»-ի ուսուցման համար վարպետ ուսուցչուհի մը:
Մարաշի ասեղնագործին կը հետեւին 11 աշակերտուհի, ասեղնագործի` 11, Այնթապի` 7 (կ՛ըսուի, թէ դժուարագոյն ասեղնագործութիւնը կամ ձեռագործի աշխատանքը Այնթապի գործն է): Ուրֆայի ձեռագործ` 4 հայուհի:
Իւրաքանչիւր ձեռագործի յատուկ կայ առանձին մասնագէտ ուսուցանող: Դասաւանդութիւնները կը կատարուին շաբաթը երկու անգամ: Տեւողութիւն` մէկուկէս ամիս: Ներկայիս կը շարունակուի այս աշխատանքը: Հայկական ձեռագործները մաս կը կազմեն մեր իւրայատուկ մշակոյթին, մեր ինքնութեան պահպանման, մեր պահանջատիրութեան առողջ հետեւողականութեան:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչը հետամուտ է մեր ազգային մշակոյթին պահպանման եւ փոխանցման` նոր սերունդի մեր ջահել աղջիկներուն, մեր հարսերուն: Ունինք ճարտար մատներով հայուհիներ, որոնք աչքի լոյս կը թափեն պահելու եւ մեր բնակարանները գեղեցկացնելու հայ կնոջ մատներուն հունարով:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը հետամուտ է այս առաքելութեան:
Հայ մայրերը շնորհակալութիւն կը յայտնեն Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ Հայ մօր տարին օրհնեց, որպէսզի անոնք հաւատարիմ մնան մեր մեծ մայրերուն ժառանգ ձգած աւանդութեան, ձեռագործներ ստեղծելու իւրայատուկ արուեստին:
Պէտք չէ մոռնալ, որ մեր ազգային ժառանգութիւնները, մեր գանձերը պահելու եւ պահպանելու առաքելութիւնը, պարտքը կը վերաբերի հայ մօր, հայ կնոջ, որպէսզի մեր ազգը յաւերժանայ…


