Հայ Կաթողիկէ Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի 90-ամեակին Առիթով. «Մեր Ըրածը Ամէն Բանէ Առաջ Կոչում Եւ Առաքելութիւն Է» «Վանայ Ձայն»ին Յայտնեց Քոյր Արմինէ Մակարոսեան
Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Քոյր Արմինէ Մակարոսեան, բարի եկած էք «Վանայ Ձայն»: Վերջերս դուք նշեցիք հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարանի հիմնադրութեան 90-ամեակը. այս առիթով ինչպէ՞ս կրնաք ներկայացնել անոր պատմականը: Հիմնական ի՞նչ փուլերէ անցած է:
ՔՈՅՐ ԱՐՄԻՆԷ ՄԱԿԱՐՈՍԵԱՆ.- Շնորհակալ եմ, նախ պէտք է ըսեմ, որ մեծ հպարտանքով եւ գոհունակութեամբ սրտի աղօթքս կը բարձրացնեմ, որ այսքան երկար տարիներ մենք անխոնջ ծառայեցինք ու առանց ընկրկելու` յառաջ գացինք Հռիփսիմեանցը պահելու իր վերելքին մէջ: 90-ամեակը բացառիկ առիթ մըն է, երբ կը մտածեմ 1922-1923 թուականները, երբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին միջոցով Պոլսոյ մեր վերապրած քոյրերէն խնդրուեցաւ Լիբանան ժամանել: Այդ օրերուն անշուշտ Պոլիսն ալ ունէր իր դժուարութիւնները, կ՛ապրէր Ցեղասպանութեան հետեւանքները, թերեւս` ոչ ուղղակիօրէն, սակայն մենք կորսնցուցինք Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր դպրոցները, կորսնցուցինք քոյրեր, ունեցանք նահատակ, մարտիրոս քոյրեր: Արդ, երբ վերապրող այդ քոյրերուն դիմուեցաւ, անոնք անմիջապէս ընդառաջեցին ու եկան եւ այդ քոյրերն էին` մայր Թէոպիսթէ Ալեքսանեան, քոյր Էլիզ Պոյաճեան, քոյր Ակաթ Փարթամեան, քոյր Պէաթրիս Թաշճեան եւ քոյր Ալեքսանտրա Հեպոյեան: Հոս կ՛ուզեմ շեշտել, որ իբրեւ նուիրեալ քոյրեր` մեր կատարածը կոչում է եւ առաքելութիւն: Այդ ուղղութեամբ պատրաստուած ենք, այդ ուղղութեամբ կ՛ուզենք շարունակել: Միաբանութիւնը արդէն 165 տարեկան է, իսկ Հռիփսիմեանցը իր 90-ամեակի տարուան մէջն է: Ինչպէս ըսի, իսկապէս մեծ հպարտանք է, եւ կ՛ուզենք ապրիլ ու ապրեցնել, մասնաւորապէս ներկայիս, ա՛յս է ամբողջ իմ սկզբունքս, բոլոր անոնց հետ, որ կ՛աշխատինք, պատասխանատու մարմիններ, ուսուցչական կազմ եւ, ինչո՞ւ չէ, ծնողներ` բոլորս մէկ կ՛ուզենք ապրիլ այս ամեակը եւ մեր բոլոր աշակերտութեան սրտին ու հոգիին մէջ դրոշմել ատիկա:
Հ.- Ի՞նչպէս էին տրամադրութիւնները, որքա՞ն հրճուանքով գործեցիք բոլորդ` ծնողներ, աշակերտութիւն ու ձեռք-ձեռքի մեղուի փեթակի նման աշխատելով կազմակերպեցիք նաեւ ընթրիքի կալան:
Ք. Ա. Մ.- Մեր առաջին ձեռնարկը նոյեմբերին տեղի ունեցաւ, երբ Հայաստանէն հրաւիրեցինք Տիրամայր Հայաստանի 30 հոգինոց խումբը: Այդ ձեռնարկը մեծարանքի կարեւոր հանդիսութիւն եղաւ եւ իր մեծ ազդեցութիւնը ունեցաւ ընդհանուր դպրոցին ու իր շրջապատին վրայ: Երբ իմ խօսքիս մէջ աշակերտներուն ըսի, որ Ցեղասպանութենէն միայն եօթը տարիներ ետք այդ քոյրերը եկան, անոնք այնքա՜ն ազդուած էին, որ մինչեւ օրս հարց կու տան` ըսելով. «Իրա՞ւ, քոյր Արմինէ, Ցեղասպանութենէն միայն եօթը տարիներ ե՞տք Լիբանան եկած էին այդ քոյրերը»… Ատիկա արդէն հրաշք է ու հպարտանքի առիթ ինծի համար եւ ամէնուս համար, որ այդ քոյրերը եկած են Լիբանանի իրենց համար անծանօթ այդ վայրերը ու Պէյրութի կեդրոնը Ս. Եղիա եկեղեցւոյ նկուղին մէջ գործած են համեստօրէն, բայց` հաստատ քայլերով: Անոնք փայտաշէն, թիթեղածածկ տուներու մէջ մնացին, մինչ դպրոցը քիչ մը աւելի լաւ պայմաններու մէջ գործեց ու օրը օրին թիւը աճեցաւ: Մէկ երկու տարի ետք արդէն 160 աշակերտներ եղած էին, որոնք ընդհանրապէս նախապէս Լիբանան գտնուող ու գաղթական մեր ժողովուրդի զաւակներն էին: Ըսի` հպարտանքի առիթ, որովհետեւ մեր քոյրերը առաջին մէկ օրէն կրցան մեր ժողովուրդին վստահութիւնը շահիլ, եւ մարդիկ իրենց աղջիկները վստահեցան մեր քոյրերու դաստիարակութեան: Այդպէս եղաւ մինչեւ 1928-1929 թուականները, երբ դպրոցը աշակերտութեան թիւի մեծ աճ ունեցած էր ու այլեւս պէտք էր անպայման մեծ կեդրոն մը ունենալ: Բարեբախտաբար մինչ այդ Պոլսոյ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը, որ ժամանակաւորապէս Հռոմ փոխադրուած էր Թերզեան կաթողիկոսի օրով, վերադարձած էր Լիբանան ու այդ աշխատանքը կատարուեցաւ Պոլսէն թէ Թորինոյէն եկող քոյրերու օգնութեամբ: Ասիկա մեր պատմութեան մեծ էջերէն մէկն է, տրուած ըլլալով, որ Պենետիկտոս հայասէր քահանայապետը 1915-ին իր պալատին մէջ ընդունած ու պատսպարած էր աւելի քան 500 հայ փոքրիկներ, որոնք հետագային քոյրերու եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի հոգատարութեամբ քանի մը տարի ետք հաստատուեցան Հռոմէն ետք Թորինոյի մէջ: Ուրեմն այդ շրջանին Թորինոյի որբանոցը կրցաւ օգնել գնելու համար նոր դպրոց մը Պէյրութի Խանտաք Ղամիք գեղեցիկ շրջանին մէջ: Երկյարկանի այդ շէնքը Թարազի ընտանիքին կալուածն էր: Աւելի ուշ, 1950-ական թուականներուն կառուցուեցաւ աւելի մեծ տարածքով դպրոցը, քանի աշակերտութեան թիւը աւելի քան 6-700-ի հասած էր: Հոն մնացինք մինչեւ 1963 թուականը, երբ այլեւս այդ թաղամասերը որոշ դժուարութիւններ ներկայացուցին, մանաւանդ` հայ աղջիկներու դաստիարակութեան իմաստով: Մեր նախկին մեծաւորուհիները դարձեալ դիմեցին այդ օրերու Պաթանեան հոգեւոր տիրոջ: Մեզի յատկացուեցաւ Ժունիէի դպրեվանքը, որ թէեւ ժամանակաւոր էր, բայց տեւեց 10-12 տարի ու 1974-1975 թուականներուն փոխադրուեցանք Ֆանարի նորակառոյց վարժարանը:
Հ.- Որքան մեծ պատասխանատուութիւն ու պարտականութիւն կար ուրեմն ձեր ուսերուն վրայ` ստանձնելով վարժարանի մը պատասխանատուութիւնը:
Ք. Ա. Մ.- Շատ զգայուն հարցում է, կը կարծեմ ինչպէս նախապէս նշեցի, երբ այս իմ կոչումս, իմ առաքելութիւնս է, որպէս նուիրեալ քոյր, որպէս մշակ, ժողովուրդի ապագայով մտահոգ` կրնամ ըսել շատ մեծ հաճոյքով կը պայքարիմ, կը նուիրուիմ, կը ծառայեմ, որովհետեւ համոզուած եմ այդ աշխատանքի իմաստին ու արժէքին: Ներկայ ժամանակները անցեալի ժամանակները չեն: Ներկայիս ամէն օր, ամէն վայրկեան, մարտահրաւէրի մը առջեւ կը գտնուինք, որովհետեւ նոր սերունդը ի վերջոյ տարբեր դաստիարակութիւն ունի, տարբեր ժամանակներ կ՛ապրի եւ անով պէտք է հասկնալ զինք ու գոհացնել, հետեւաբար այս է նաեւ մեր ծրագիրը:
Հ.- Ձեր կազմակերպած կալայի ձեռնարկին նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեանները: Ի՞նչ էին տրամադրութիւնները, մանաւանդ որ նախագահուհին նաեւ աշակերտուհի եղած է ձեր վարժարանին:
Ք. Ա. Մ.- Ճիշդ այն է, որ զիս քաջալերած էր: Տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեաններու հետ մեր բարեկամութիւնը նոր չէ: Ես որպէս ժառանգորդը իմ նախորդներուս` քոյր Սեսիլին, քոյր Աղուիթային, լուսահոգի մայր Աղուիթային, որոնք շատ սիրած էին զիրենք, մանաւանդ Անին շատ փափկանկատ, շատ ազնիւ կին է, այնքան երախտապարտ, ամէն անգամ որ Հռիփսիմեանցի մասին կը խօսի: Ես երբեմն կը սքանչանամ, որ այսքան երախտագիտութիւն կայ մարդկային սրտին մէջ, որովհետեւ բացառիկ ձեւով կապուած է վարժարանին եւ ատիկա կը պահէ տարիներէ ի վեր, իր մանկութենէն ի վեր: Մենք յաճախակիօրէն հանդիպած ենք Հայաստանի մէջ, ուր անոնք մեծ ներդրումներ ունեցած են, մեծապէս օգտակար եղած են յատկապէս Սպիտակի մէջ: Երբ ես առաջարկեցի իրենց, Ալեքքոն ուզեց մտածել, իմ նպատակս զիրենք իրապէս պատուել էր այդ երեկոյին, շնորհակալութեան առիթ մը իրենց, որ տարիներէ ի վեր հեռու կը գտնուին, թէեւ յաճախ Լիբանան կ՛այցելեն: Ամբողջ փափաքս էր զիրենք պատուել ու մեծարել որպէս հարազատ հռիփսիմեանականներ:
Հ.- Կը նկատենք, որ համացանցի էջին վրայ ձեր աշխատանքը աշխուժ է եւ շատ կարեւոր ու յատկանշական է բնապահպանման յատուկ ծրագիրը: Այս իմաստով ի՞նչ ունիք ըսելիք:
Ք. Ա. Մ.- Ասիկա տարիներու ծրագիր է, նաեւ` աշխատանք: Մենք փոքր տարիքէն կը սկսինք, Ծաղիկ, նոյնիսկ Կոկոն դասարանէն կը վարժեցնենք մանուկները վերամշակումի (ռեսիքլաժ) աշխատանքին համար: Անոնք շատ ուշադրութեամբ իրենց թուղթերը, իրենց բոլոր ամանները (աղբաման չենք կրնար ըսել, քանի շատ մաքուր են) կը դասաւորեն այս գծով: Այս տարի ուզեցինք այս ծրագիրը լայնօրէն, հիմնական ձեւով գործադրել դպրոցէն ներս: Ամիսներ աշխատելէ ետք, վերջապէս, փետրուար հինգին առիթը ունեցանք վարժարան հրաւիրել այս ծրագրին հիմնադիրը` Փոլ Ապի Ռաշետ, որ եկաւ ու իր դասախօսութեամբ, կիթառով ու տեսերիզներով խանդավառեց բոլորը: Իսկապէս հաճելի ու դաստիարակիչ էր իբրեւ առաջին փորձառութիւն: Նաեւ դպրոցէն ներս արդէն աշակերտները ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն, որովհետեւ մեր ծրագիրն է` նախ անհատը կազմել իբրեւ կիրթ քաղաքացի, որ հոգատար ու նախանձախնդիր է իր երկրի մաքրութեան, յառաջդիմութեան, եւ մենք աշակերտներուն միջոցով կ՛ուզենք մեր նպատակը հասցնել նաեւ ծնողներուն: Ամէն անհատ պէտք է մասնակցի այս ուղղութեամբ, հոգատար ըլլայ` խնայելու ջուրը, ելեկտրականութիւնը, այսպէսով երկիրը կը յառաջդիմէ: Տակաւին ունինք շատ ծրագիրներ, ինչպէս` ծառատնկում եւ այլն, եւ այս գծով կը փափաքինք գործակցիլ ոչ միայն Ֆանարի, այլեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ, ծովափի մաքրութեան եւ նման այլ քայլերու մղելու աշակերտները:
Հ.- Ձեր վարձքը կատար, այլ ծրագիրներ ունի՞ք:
Ք. Ա. Մ.- Այո՛, յառաջիկայ քսան ապրիլին պիտի ունենանք հանդիսաւոր ձեռնարկ, նաեւ կայ Հռիփսիմեանցի 90-ամեակը, եւ աշակերտութիւնը այս հոգիով կը պատրաստուի: Կան Տիկնանց միութեան ձեռնարկը, մեր հանդէսները, մասնաւորապէս` աւարտականի հանդէսը: Այս ձեռնարկները պիտի երկարին մինչեւ նոյեմբեր:
Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

