Նախագահելով Հռիփսիմեանց Վարժարանի Յոբելեանի Հանդիսութեան. «Մեր Ազգային Կառոյցներու Ղեկավարները Պէտք Է Նաեւ Ֆիզիքապէ՛ս Ներկայ Ըլլան Հոն, Ուր Կարիքը Կայ» «Վանայ Ձայն»-ին Ըսաւ Բարերարուհի Անի Պեզիքեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի յոբելեանին առիթով «Վանայ Ձայն» անջատ հարցազրոյցներ ունեցած է վարժարանի տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեանի եւ բարերար Անի  Պեզիքեանի հետ, որ կարճատեւ այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան` նախագահելու նշեալ  ձեռնարկին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Լիբանան կը գտնուիք հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանի  յոբելեանին առիթով: Ի՞նչ էր ձեր զգացումը, երբ ձեզի հրաւէր ուղղուեցաւ նախագահելու այս ձեռնարկին:

ԱՆԻ ՊԵԶԻՔԵԱՆ.- Անշուշտ շատ ուրախ էի, քոյր Արմինէն  2-3 ամիս առաջ առաջարկեց ինծի, հարկաւ շատ մեծ պատիւ էր ինծի համար, մանաւանդ որ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական Հռիփսիմեանցի աշակերտ եղած եմ եւ հպարտութեամբ կը յայտնեմ, թէ հայրս, երբ իրեն հարց կը տրուէր, թէ ինչո՞ւ աղջիկներդ (ես ու ողորմած քոյրս) Հռիփսիմեանց կը ղրկես, ան կ՛ըսէր. «Որովհետեւ կը փափաքիմ, որ զաւակներս տիսիփլինով, կարգ կանոնով, օրինաւոր ձեւով մեծնան: Ասիկա հօրս համար շատ կարեւոր հարց էր, ու այսօր  ես  68  տարիքիս կ՛անդրադառնամ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «տիսիփլին»-ը:

Հ.- Հռիփսիմեանցի օրերէն ի՞նչ բաներ, դէմքեր կամ դէպքեր տակաւին թարմ կը մնան ձեր յիշողութեան ու մտքին մէջ:

Ա. Պ.- Շա՜տ շա՛տ բաներ, գիտէք` դժուար պիտի ըլլայ ինծի մանրամասն բացատրութիւններ տալ, սակայն երբ կը վերյիշեմ հին օրերս, յաճախ կը պատահի, որ 50-60 տարի ետ երթամ ու  յիշեմ որոշ դէմքեր, որոշ դէպքեր, որոնք խոր դրոշմ ձգած են մտքիս եւ սրտիս մէջ:

Հ.- Անոնցմէ կրնա՞ք օրինակներ թուել, ո՞ր բանը կամ ո՞ր դէպքը տարբեր տեղ ունի ձեր սրտին մէջ:

Ա. Պ.- Գիտէք` երկար եւ դժուար պիտի ըլլայ մանրամասնութեամբ վերյիշել, բայց, օրինակ, հայերէնի պարագային, ունէինք հայերէնի ուսուցիչ մը` նշանաւոր պրն. Պալճեանը,  որ վստահ եմ` շատերուն համար ծանօթ պէտք է ըլլայ, ան  մեր մէջ ուղղակի հայու զգացումը, հայագիտութիւնը սերմանեց:  Յետոյ, ամէնէն կարեւոր կէտը` քոյր Սեսիլը,  որ կը հսկէր նոյնիսկ մեր նստուածքին, սեղանին վրայ ճաշ  ուտելու  ոճին, այսինքն, մէկ խօսքով, «սավուար վիվրը», կենցաղագիտութիւն: Ան ամէն ձեւով, ըլլայ հոգեկան, ըլլայ բարոյական թէ ֆիզիքական մանրամասնութեան կը հսկէր ու կը դաստիարակէր մեզ: Ամէն վայրկեան ամէն տեղ էր քոյր Սեսիլը: Իր շուքը կը բաւէր: Ան չափազանց օգտակար եղած էր մեզի եւ հարկաւ` բոլոր միւս քոյրերը: Ես կը յիշեմ նաեւ նշանաւոր մայր Ատրինէն, վստահաբար իմ տարիքիս եղողները պիտի յիշեն, որ ան  շատ ծանր շուք ունեցող, նշանաւոր քոյր մը եղած է:  Ինքն ալ շատ կարեւոր դեր կատարած է դպրոցին մէջ: Յետոյ` քոյր  Աղուիթան, քոյր  Հռիփսիմէն, որոնք հիմա  Ամերիկաներն են, վստահ եմ, որ շատեր կը յիշեն  զիրենք:  Գիտէք, բոլոր քոյրերը, հոգեպէս այնքա՜ն  կապուած եմ անոնց մինչեւ այսօր: Ու երբ մենք, ես ու Ալեքքոն, 18 տարի շարունակաբար  Հայաստան  գացինք ու ծանօթացանք քոյր Արուսին ու տեսանք անոր գործը, նշանաւոր քոյր  Արուսը, որ վերջերս  Լիբանան գտնուեցաւ, վստահ եմ` բոլորդ ալ իմացած էք իր մասին: Քոյր  Արուսը շատ մեծ տեղ ունի իմ սրտիս խորքը, որովհետեւ  երբ ես իր գործունէութիւնը տեսայ  Հայաստանի մէջ,  անդրադարձայ, թէ այս քոյրը որքա՜ն մեծ ու ծանր գործի լծուած  է: Ան ուղղակի  մանուկներուն  մօտ եղած է, ամէն ձեւով օգնած է անոնց:  Շատերը հասցուցած է 18-20 տարիքի, անոնք հիմա չափահաս տարիքի մէջ համալսարանական կեանքի պիտի մտնեն, աշխատանքի մարզ պիտի թեւակոխեն, տակաւին կը շարունակէ օգտակար ըլլալ անոնց: Իսկապէս բացառիկ, նուիրուած անձնաւորութիւն է քոյր  Արուսը:

Հ.- Տիկին Պեզիքեան, նախքան ձեր հրաւէր ստանալը, դուք իրենց հետ կապի մէ՞ջ էիք, անոնց լուրերը կ՛առնէի՞ք: Որքա՞ն սերտ յարաբերութեան մէջ էք վարժարանի այժմու տնօրէնութեան հետ, կ՛անդրադառնա՞ք անոնց աշխատանքներուն, ձեռնարկներուն, մանաւանդ որ այսօր համացանցը կայ ու շատ դիւրին է մեր տեղեկութիւնները փոխանցել  ամէն կողմ:

Ա. Պ.- Այո՛, անշո՛ւշտ, քոյր  Արմինէին հետ յաճախ հեռաձայնային կապի մէջ ենք, ես կը սիրեմ խօսակիցիս ձայնը լսել, որովհետեւ տարբեր կ՛ըլլայ:  Նոյնիսկ նախքան մեր հրաւէր  ստանալը` մենք արդէն կապի մէջ էինք, իսկապէս բացառիկ անձնաւորութիւն է եւ շատ երախտապարտ ենք իրեն բոլորս: Այս օրերուն մանաւանդ շատ դժուար է դպրոցի մը տնօրէնութիւնը վարել, իսկապէս քոյր  Արմինէն մեծ գործ կը տեսնէ, վարձքը կատար:

Հ.- Տիկին Պեզիքեան, Արամ Ա. վեհափառ 2013 տարին հռչակեց  «Հայ մօր տարի»: Այս իմաստով, առաջին հերթին ի՞նչ կ՛ուզէք ըսել բոլոր հայ մայրերուն, որոնք կը լսեն այսօր  «Վանայ  Ձայն»-ը եւ կ՛ունկնդրեն ձեր խօսքը:

Ա. Պ.- Այս հարցումին ի պատասխան` կրնամ քանի մը ժամ խօսիլ,  բայց գիտեմ, որ ժամանակը կարճ է, մանրամասնութեանց մէջ մտնելը իսկապէս դժուար պիտի ըլլայ, միայն մէկ բան կրնամ ըսել, կրնամ մէկ օրինակով  յայտնել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ  մայր ըլլալ: Ասիկա իմ սրտիս խո՜ր  խօսքն է:  (Լիբանանեան-Ա.)   պատերազմին սկիզբը, 1976-ին, երբ մենք հարկադրաբար փոխադրուեցանք Իտալիա, մեր զաւակները` Արամը վեց տարեկան էր, իսկ Զարեհը` երեքուկէս: Այսօր Արամը 43 տարեկան է, իսկ Զարեհը` 41, եւ հպարտութեամբ կրնամ  ըսել, թէ անոնք կատարեալ հայերէն կը խօսին, ու գիտէք, թէ Իտալիոյ մէջ մեր բնակած քաղաքը` Պերկամօ, մեզմէ զատ ուրիշ  հայ  չկար, սակայն բոլոր ճիգերս թափեցի, որ մեր տղաքը հայերէն խօսին: Հարկաւ անոնք իտալական դպրոց կը յաճախէին ու ամէն անգամ որ հետս օտար կամ իտալերէն բառերով խօսէին, կ՛ըսէի. «Տղա՛ս, չհասկցայ, հայերէ՛ն խօսէ»: Սկիզբը շատ դժուարութիւն ունեցայ,  սակայն յաջողեցայ եւ այսօր թոռնիկս, որ վեցուկէս տարեկան է եւ մայրը իտալուհի է, շատ մաքուր, շատ լաւ  հայերէն կը խօսի:  Կ՛երեւի, թէ կրցած եմ տղուս ալ փոխանցել այն կամքն ու ուժը, որ տղաս ալ իր զաւակին հետ, ծնած մէկ օրէն միայն հայերէն խօսած է: Շատ պիտի խնդրեմ հայ մայրերէն, անխտիր բոլո՛ր հայ մայրերէն, որ գոնէ  տան մէջ հայերէն խօսին իրենց զաւկին հետ, բոլորս ալ գիտենք հայերէն խօսիլ:  Քանի մը օր առաջ կնոջ մը հանդիպեցայ, ես զինք չէի ճանչնար, ան ինքզինք ծանօթացուց  հայկական մականունով:  Քիչ մը խօսելէ ետք ըսաւ. «Գիտէ՞ք`  ես արաբ եմ, բայց ամուսինս հայ է»:  Ապշած մնացի, քանի որ շատ մաքուր, կատարեալ հայերէն կը խօսէր: Ուրեմն, եթէ  օտարը կրցած է այնքան լաւ  հայերէն սորվիլ, ինչո՞ւ  հայ մայրը իր զաւկին հետ հայերէն չխօսի: Ասիկա մեզի համար շատ կարեւոր է: Ասոր կողքին անշուշտ կան  ուրիշ շատ բաներ, օրինակ, լեզուն եւ այլն: Ալեքքոն միշտ կ՛ըսէ, թէ ուտելիքը  նաեւ մաս կը կազմէ հայութեան պահպանման. փաթթոցը («սարման»), լիցքը («տոլման»), կլորամսուկը («քէօֆթէն»)… Ուրեմն երբ թոռնիկս մեր տունն է` միայն ու միայն հայկական ճաշեր կ՛ուտէ  ու շատ կը սիրէ եւ համոզուած եմ, որ այդ ալ իր բաժինը ունի, այդ ալ կ՛օգնէ: Բայց օտարութեան մէջ հայ մօր պարտականութիւնը  իսկապէս ծանր է, սակայն փոքր ճիգերով  բոլորն ալ կարելի է յաղթահարել: Կամքի հարց է, ճիգի, զոհողութեան հարց է, մեծ զոհողութիւն կ՛ուզէ: Բայց ամէն մայր, առանց բացառութեան,  ստիպուած է զոհուելու,  լաւագոյն ձեւով, նոյնիսկ եթէ այդ զոհողութեան համար պէտք ունինք  զանազան անձերու օգնութեան: Ինչո՞ւ չդիմենք այդ անձերուն, որպէսզի օգնեն մեզի,  ըլլայ դպրոցը, ըլլայ ակումբը, ըլլայ թերթը, ըլլայ եկեղեցին, որպէսզի  ուժ  ունենանք ու կարենանք մեր  մանուկներուն  կրթութեան հետեւիլ, ու բոլորս ալ, վստահ եմ, որ փոքր ճիգերով պիտի կարենանք  յաջողիլ ու պիտի հասնինք մեր նպատակին:

Հ.- Մեր այսօրուան այս մտերմիկ զրոյցին առիթով ի՞նչ կ՛ուզէք ըսել տիկին Պեզիքեան «Վանայ Ձայն»-ի ունկնդիրներուն:

Ա. Պ.- Յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլոր ունկնդիրներուն, մանաւանդ  անշուշտ` հայ մայրերուն: Կ՛ըմբռնեմ բոլորին զգացումները, կը հասկնամ անոնց վիճակը, մանաւանդ`  ներկայ օրերուն,  երբ աշխարհի ամէն կողմ վիճակը փայլուն չէ, տնտեսական թէ այլ  իմաստներով: Սակայն բնաւ յուսախաբ պէտք չէ ըլլան, պէտք է ուժն ու կամքը ունենան, միշտ  «փոզիթիվ»`  դրական մտածելու եւ միշտ վստահ ըլլան, թէ որքան ալ դժուարութեան հանդիպին, անպայման պիտի հասնին իրենց  նպատակին:  Գիտէք, թէ աշխատասիրութիւնը շատ կարեւոր բան է: Իմ օրս կը սկսի ամէն օր առաւօտեան ժամը 6:30-ին եւ կը վերջանայ իրիկուան ժամը 11:00-ին: Նոյնիսկ այս տարիքիս տակաւին կը վազվզեմ, ամէն ձեւով կ՛աշխատիմ, բոլոր ժամերս ու վայրկեաններս «լեցուն» պահել ըլլայ ընտանիքիս, թոռնիկիս թէ բոլորիս համար եւ, ինչո՞ւ ոչ, իմ բոլոր մտերիմներուս, գաղութի կարիքաւորներուն, դժուարութեան մէջ գտնուողներուն, ուր որ կրնամ հասնիլ` շա՛տ սիրով:

Հ.- Այլ ըսելիք ունի՞ք:

Ա. Պ.- Կ՛ուզէի մատնանշել երեւոյթ մը.  համոզուած եմ, որ մեր ազգային բոլոր  կառոյցներու  ղեկավարները, եկեղեցին, միութիւնները, բոլորը պէտք է ներկայ ըլլան ոչ միայն հոգեպէս, այլ նաեւ` մարմնապէս, ֆիզիքապէս ներկայ գտնուին ձեռնարկներուն եւ հոն, ուր պէտք է: Որովհետեւ իրենց  ներկայութիւնը շատ կարեւոր է` ուժ տալու բոլորին, աշակերտութեան, ուսուցչական կազմին, տնօրէնութեան:  Օրինակ, շաբաթ օր (Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանի ձեռնարկին – Ա.) բացականեր նկատեցի, մանաւանդ որոշ անձնաւորութիւններու ներկայութիւնը կ՛ակնկալէի, յուսամ յաջորդ անգամ բոլորն ալ ներկայ կ՛ըլլան:

Հ.- Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր մաղթանքը Հռիփսիմեանց վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, անձնակազմին:

Ա. Պ.- Սրտիս խորքէն` նախ առողջութիւն բոլորիս, ապա յաջողութիւն,  կամք եւ ուժ կը մաղթեմ: Անոնք իսկապէս շատ մեծ գործ կը տանին, մանաւանդ որ տեղեակ եմ ներքին դժուարութիւններէն:  Շատ դժուար է որեւէ դպրոց յառաջ տանիլ, շատ դժուար գործ է: Կը տեսնեմ, բոլորն ալ գիշերը ցերեկը իրար անցընելով, ի՜նչ մեծ հաճոյքով, ժպիտով կը դիմագրաւեն ու յաղթահարեն բոլոր այդ դժուարութիւնները: Իսկապէս մեծ յաջողութիւն կը մաղթեմ անոնց եւ բոլորս ալ, ինչո՞ւ ոչ, որեւէ ժամանակ կրնանք թիկունք կանգնիլ մեր ծնողներուն, Հռիփսիմեանցի աշակերտութեան: Խո՜ր շնորհակալութիւն անոնց բոլորին, որովհետեւ ես շաբաթ օր անդրադարձայ, թէ անոնք որքան աշխատած ու ճիգ չեն խնայած  յաջողցնելու համար այդ երեկոն, որ սքանչելի էր, իսկապէս բոլորին շնորհակալ եմ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES