Սուրիա Իր Հաւանութիւնը Կու Տայ Շուէտացի Քիմիագէտ Աքի Սերեսթրոմի Նշանակման` Քիմիական Զէնքերու Հետաքննիչ Յանձնախումբի Նախագահի Պաշտօնին
Հալէպի մէջ վերջերս քիմիական զէնքերու գործածութեան հաւանականութեան եւ գործածող կողմի ստուգման համար կազմուած միջազգային հետաքննիչ յանձնախումբը յառաջիկայ շաբաթ կը ժամանէ Սուրիա:
Հետաքննութիւնը Հալէպի կողքին պիտի ընդգրկէ նաեւ Հոմսը, Օթէյպան եւ Խան Ասալը:
Այս միջոցին Սուրիա համաձայն գտնուեցաւ շուէտացի քիմիագէտ Աքի Սերեսթրոմի նշանակման` իբրեւ նշեալ յանձնախումբի նախագահ:
CATEGORIES Միջազգային

