Հետզհետէ Իր Իսկական Դիմագիծը Քողազերծելով Սուրիոյ, Իսրայէլի Եւ Քիւրտերուն Հետ` Թուրքիա Վեցէն Եօթը Հարիւր Սուրիացի Գաղթականներ Կ՛արտաքսէ

Շրջանի իրադարձութիւնները` «Արաբական գարուն»-էն մինչեւ արաբեւիսրայէլեան տագնապ եւ սուրիական տագնապ, իր արտաքին դիւանագիտութեան համար իբրեւ խաղաքարտ գործածող Թուրքիա հետզհետէ կը բացայայտէ իր իսկական դիմագիծը, ուր ակներեւ է, թէ իր յայտարարութիւններն ու շրջանային դերակատարութեան հզօրացման ձգտող իր խորամանկ դիւանագիտական քայլերը խոտոր կը համեմատին իրարու:

Արդարեւ, այն միջոցին, երբ Տոհայի Արաբական վեհաժողովը որոշեց մօտերս այլ վեհաժողով մը գումարել` դրացի երկիրներուն մէջ սուրիացի գաղթականներու բաշխումի համակարգումին գծով, երէկ 600-700 սուրիացի գաղթակայաններ վտարուեցան Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած իրենց գաղթակայանէն: Թրքական աղբիւրներ արտաքսումի այս քայլին բացայայտ պատճառը կը վերագրեն նախանցեալ օր սուրիացի գաղթականներու պոռթկումի եւ բողոքի ելոյթներուն, որոնք ծայր առին Ուրֆայի «Աքչա Գալէ» գաղթակայանին մէջ ծագած հրդեհին պատճառով:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հերքեց, թէ թրքական իշխանութիւնները սուրիացի գաղթականներ արտաքսած են` նշելով, որ 60-70 գաղթականներ յօժարակամ փափաքած են վերադառնալ իրենց «ազատագրուած» շրջանները` Սուրիոյ մէջ:

Իսկ գաղթակայանի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, թրքական իշխանութիւնները նախապէս տեղակայուած քամերաներու միջոցով ստուգած եւ արտաքսած են նշեալ բողոքի ցոյցերուն մասնակցած սուրիացիները: Շարունակուող քննութիւններու լոյսին տակ, սուրիացի գաղթականներու նոր խումբ մը եւս կրնայ արտաքսուիլ, եթէ հաստատուի անոնց մասնակցութիւնը ցոյցերուն:

ՄԱԿ-ի բանբեր մը խիստ մտահոգութիւն յայտնեց այս գծով:

Միւս կողմէ, Տաւութօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա աւելի քան 400 միլիոն տոլար ծախսած է 188 հազար 387 սուրիացի գաղթականներու պատսպարման համար` նշելով, որ այս ծիրին մէջ չնչին գումար ստացած է Սէուտական Արաբիայէն:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ հաշտութեան ծրագիրը կը սպառնայ «ջուրը իյնալ»` հետզհետէ բացայայտուող տարակարծութիւններուն լոյսին տակ: Արդարեւ, Իսրայէլ համաձայն է «Մաւի Մարմարա»-ի դէպքին զոհ գացած իւրաքանչիւր թուրք ընտանիքին հատուցել հարիւր հազար տոլար, մինչ Թուրքիա կը պահանջէ մէկ միլիոն տոլար` իւրաքանչիւր թուրք զոհի ընտանիքին համար:

ՄԻՒՍ կողմէ, թրքական ուժեր երէկ ռմբակոծեցին հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող ՔԱԿ-ի դիրքերը` յայտնապէս խախտելով անցնող 21 մարտին կայացած թուրք-քրտական զինադուլը` ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի պատմական կոչին «միջնորդութեամբ»: Այս քայլը լուրջ հարցականներ կը դնէ թուրքեւքիւրտ յարաբերութեանց նոր էջ բանալու ձգտող հոլովոյթին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES