Ապահովական Վիճակի Գահավիժումին Զուգահեռ. Սուրիական Թղթոսկին Կը Շարունակէ Նահանջել Օտար Դրամանիշերու Դիմաց
Սուրիոյ մէջ ապահովական վիճակի գահավիժող վատթարացումին առընթեր, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար անբաղձալի ենթահող կը պատրաստուի նոյնքան վնասակար ու մտահոգիչ պատերազմի նոր ճակատի մը` տնտեսական տագնապին:
Արդարեւ, երկամեայ բախումներուն եւ արիւնահեղութեան պատճառով բազմահարիւր սուրիացիներ երկրին գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ կը տառապին ապրուստի անտանելի պայմաններէն եւ սղաճէն: Իսկ սուրիական թղթոսկին, հակառակ պաշտօնական պատկան կողմերու փրկարար միջամտութիւններուն, կը շարունակէ իր նահանջը` հաւանական սնանկացումի մտավախութիւններ յառաջացնելով սուրիացի առեւտրականներուն մօտ: Երէկ, հինգշաբթի առաւօտ ամերիկեան մէկ տոլարը սուրիական շուկաներուն մօտ կ՛արժէր 125 սուրիական թղթոսկի:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ գետնի վրայ, 15 ուսանողներ զոհ գացին երէկ, երբ հրասանդի հրթիռներ ինկան Դամասկոսի համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժանմունքի շէնքին վրայ:
Իսկ Դամասկոսի օդակայանին մէջ ծագած հրդեհը արգելք չեղաւ օդանաւորդութեան բնականոն ընթացքին, հակառակ իրանեան օդանաւի մը դէմ յարձակումի լուրին:

