Իրանցի Դիւանագէտի Մը Եգիպտոս Ժամանման Նախօրեակին. Արաբական Լիկային Մէջ Սուրիոյ Աթոռը Ընդդիմութեան Յանձնելու Քայլին Գծով Քննադատութիւնները Կը Շարունակուին

Սուրիական տագնապն ու այս ծիրին մէջ արձանագրուող քաղաքական թէ ապահովական զարգացումները կը շարունակեն առանցքը կազմել շրջանային թէ միջազգային դիւանագիտական շփումներուն:

Այս ծիրին մէջ, Իրանի արտաքին փոխնախարար Հիւսէյն Ապտուլլահեան վաղը կը ժամանէ Եգիպտոս` խորհրդակցութիւններ ունենալու համար Սուրիոյ եւ երկկողմանի յարաբերութեանց շուրջ:

Միւս կողմէ, նոյեմբեր 2011-էն ի վեր սառեցուած սուրիական աթոռը Արաբական վերջին վեհաժողովին Սուրիոյ ընդդիմութեան փոխանցելու քայլը կը շարունակէ խիստ քննադատութեանց դուռ բանալ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով բուռն կերպով քննադատեց արաբ վեհապետներու այս քայլը` զայն նկատելով Ժընեւի համաձայնութեան տրամադրութիւններուն հակասող ու խաղաղութեան ճիգերը արգելակող խոչընդոտ մը: Ռուսական «Նեզավիսիմայա Կազեթա» թերթը նոյնպէս քննադատեց այս քայլը` ընդգծելով, որ Քաթար եւ Սէուտական Արաբիա իրենց դրամին ուժով կ՛իշխեն սուրիական ընդդիմութեան որոշումներուն վրայ:

Share this Article
CATEGORIES