Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան համաձայն, պրէօվէի պետական քննութիւնները պիտի սկսին յառաջիկայ 22 յունիսին, պաքալորէայի ընդհանուր գիտութիւններու եւ կենսաբանութեան բաժանմունքներուն քննութիւնները` 27 յունիսին, իսկ պաքալորէայի տնտեսագիտութեան եւ ընկերային գիտութիւններու եւ գրականութեան եւ մարդկային գիտութիւններու բաժանմունքներուն քննութիւնները` 3 յուլիսին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց Տոհայի մէջ գումարուած Արաբական լիկայի վեհաժողովին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԻԿԵՐԻՈՅ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակուեցան` պահանջուած փրկագինը վճարելէ ետք:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ դատախազ Հաթեմ Մատի առողջապահութեան նախարարութենէն իմացաւ ծննդաբերելէ ետք մահացած ութ կիներու պարագաներուն մասին: Պահանջուեցաւ այդ հարցերուն շուրջ ըստ այնմ հետաքննութիւն բանալ:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց եւ արտերկրի հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Ապատի ընդգծեց իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ Դիմադրութեան կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը: Միւս կողմէ, Մանսուր շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին առումով Արաբական լիկայի վեհաժողովը վտանգաւոր նախընթաց արձանագրած է:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ապրիլի երկրորդ շաբթուան ընթացքին հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Հարաւային Ամերիկա: Կը նախատեսուի, որ Ռայի պատրիարքին շրջապտոյտը տեւէ աւելի քան ամիս մը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ օրինական առումով խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին պէտք է Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը արծարծուի իբրեւ օրակարգի առաջին կէտ: Ան աւելցուց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի յարգէ օրինական այդ կարգը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը պահանջեց Լիբանանի մէջ կազմել մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որ ազգային գիտակցութեամբ կը խորհրդանշուի:

ԱԶԵԶԻ մէջ գտնուող լիբանանցի առեւանգեալներու հարազատներուն անունով Ատհամ Զղէյպ շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, որ իրենց հարազատներուն թղթածրարը իբրեւ հարց ներկայացուցած է` Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին մաղթելով, որ արաբ թագաւորներն ու իշխանները ամէն ջանք ի գործ դնեն այդ հարցը լուծելու նպատակով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի անիշխանութիւն, եթէ խորհրդարանը չկարենայ վաւերացնել ընտրական օրէնք մը:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Նաժահ Ուաքիմ յայտնեց, որ Արաբական վեհաժողովը վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ եւ Լիբանանի կողմէ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ որդեգրուած չէզոք կեցուածքի քաղաքականութեան վերջ պիտի տայ:

 

Share this Article
CATEGORIES