Իսլամ Կրօնաւորներու Գերագոյն Խորհուրդի Ընտրութիւննե՞ր

«Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, երէկ հաղորդուեցաւ, որ պետական շուրան չեղեալ նկատած է Իսլամ կրօնաւորներու գերագոյն խորհուրդի ընտրութիւններուն կայացումը:

Միւս կողմէ, Իսլամական կալուածներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ Իսլամ կրօնաւորներու գերագոյն խորհուրդի ընտրութիւններուն թեկնածութիւնները առաջադրելու ժամկէտը աւարտած է` աւելցնելով, որ այդ ընտրութիւնները պիտի կատարուին յառաջիկայ 14 ապրիլ 2013-ին, ինչպէս ճշդած է հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի:

Իսլամական կալուածներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կոչ ուղղեց բոլորին մասնակցելու Իսլամ կրօնաւորներու գերագոյն խորհուրդի ընտրութիւններուն` ապահովելու համար իսլամական գերագոյն շահերը:

 

Share this Article
CATEGORIES