Հասպայայի Մէջ Տիւրզի Համայնքի Շէյխերէն Սալման Հարաֆանի Կը Սպաննուի

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան երէկ խստիւ դատապարտեց Հասպայայի մէջ շէյխ Սալման Հարաֆանիի սպանութիւնը:

Ան նշեց, որ այդ սպանութեան առումով առաջին եւ վերջին խօսքը վստահուած է լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն, որոնք միակ եւ ատակ հեղինակութիւնն են` բացայայտելու այդ միջադէպին դրդապատճառները եւ որդեգրելու խստագոյն պատիժները:

Իր կարգին, Պայատայի կրօնաւորներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց շէյխ Հարաֆանիի սպանութիւնը եւ կոչ ուղղեց տիւրզի համայնքին որդեգրելու համապատասխան կեցուածք ու ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնը` գիտակցելով այդ միջադէպին հաւանական հետեւանքներուն:

Պայատայի կրօնաւորներու խորհուրդը շեշտեց, որ սադրանքները սպանութենէն աւելի վատ են, իսկ ներկայ իշխանութիւնները պէտք է իմանան, որ իրենց պարտականութիւնն է բացայայտել արձանագրուած այս միջադէպին դրդապատճառները եւ խստիւ պատժել յանցագործները:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան խստիւ դատապարտեց շէյխ Հարաֆանիի սպանութիւնը եւ պահանջեց քողազերծել քստմնելի այդ սպանութեան դրդապատճառները:

Արսլան հաստատեց, որ պէտք է յանցագործները խիստ պատիժներու ենթարկուին, որպէսզի վերջ տրուի շէյխ Հարաֆանիի նման արժանապատիւ կրօնաւորներուն դէմ գործուող յարձակումներուն, բռնութիւններուն եւ սպանութիւններուն:

Նշենք, որ Հասպայայի շրջանին մէջ երէկ տիրեց սուգի մթնոլորտ եւ շրջանի բոլոր վաճառատուները մնացին փակ:

Share this Article
CATEGORIES