«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Ժամկէտին Կատարելը Անկարելի Է» Շեշտեց Մարուան Շարպել
Հրաժարեալ կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին պիտի փոխանցէ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, այսինքն` 9 յունիսին անկարելի է կատարել, նկատի ունենալով ընտրութիւններուն նախօրեակին կատարուող վարչական աշխատանքը:
«Երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը անխուսափելի է», ընդգծեց Մարուան Շարպել:
CATEGORIES Լիբանանեան

