«Հրաժարեցայ Ազգային Երկխօսութեան Նիստերուն Վերսկսելու Եւ Ազգային Փրկութեան Կառավարութիւն Մը Կազմելու Առիթ Տալու Համար» Շեշտեց Միքաթի
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շեշտեց, որ ինք հրաժարած է առիթ տալու համար, որ Ազգային երկխօսութեան նիստերը վերսկսին, ինչպէս նաեւ կարելի ըլլայ կազմել Ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը:
Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերն ու շրջանային իրադարձութիւնները:
Աւելի ուշ, դեսպանատան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Քոնելլի Միքաթիի հետ հանդիպումին ընթացքին հաստատած է, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն մը կազմելու ճիգերուն, որոնք պէտք է զուտ լիբանանեան ըլլան:
Քոնելլի շեշտած է, որ լիբանանցիները արժանի են կառավարութեան մը, որ կարողութիւն ունի իրականացնելու իրենց իղձերը եւ ամրապնդելու Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնը, գերիշխանութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը:
Քոնելլի անհրաժեշտ նկատած է նաեւ, որ Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնը յարգուի` երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու ընդմէջէն, եւ այդ շրջագիծին մէջ ան արժեւորած է իշխանութեան երեք պետերուն ջանքերը` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանին:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող ընդհանուր հարցերը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ժամաա Իսլամիէի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ իրենք կը նախատեսեն կազմել մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որ կը կազմակերպէ երեսփոխանական ընտրութիւնները:


