Արցախ. Նախագահ Սահակեան Այցելեց Հատրութ
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 28 մարտին այցելեց Հատրութ եւ մասնակցեցաւ շրջանի վարչակազմի 2012 թուականի գործունէութեան վերաբերեալ հաշուետուութեան նուիրուած նիստին:
Խօսք առին Հատրութի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Վալերի Գէորգեան եւ տարբեր ստորաբաժանումներու ներկայացուցիչներ:
Նախագահ Սահակեան նշեց, որ հաշուետու ժամանակաշրջանին Հատրութի մէջ լուրջ աշխատանք կատարուած է: Ըստ նախագահին, շրջանին մէջ տակաւին առկայ են լուծում պահանջող հիմնախնդիրներ, որոնց ուղղութեամբ ան տուաւ համապատասխան յանձնարարականներ:
Հաշուետու նիստին մասնակցեցան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ:
CATEGORIES Հայկական

