Դեսպանները Կը Զօրակցին «Սիվիլիթաս»-ին
27 մարտին «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին մէջ կազմակերպուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած տարբեր երկիրներու դեսպաններ` Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Լեհաստանի, Զուիցերիոյ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը զօրակցութիւն յայտնած են «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին` կոչ ուղղելով Հայաստանի իշխանութիւններուն դադրեցնելու հիմնադրամին նկատմամբ քրէական հետապնդումը: Նշենք, որ մամլոյ ասուլիսը կազմակերպուած էր դեսպաններուն խնդրանքով:
Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն ըսած է. ««Սիվիլիթաս»-ը եւ «Սիվիլնեթ»-ը մեզի համար կարեւոր գործընկերներ են: Անոնք մեծ արժէք ունին նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման իմաստով, եւ ճիշդ այդ հանգամանքին պատճառով է, որ դեսպանատուներու ներկայացուցիչները սերտօրէն կը գործակցին «Սիվիլիթաս»-ի հետ»: Ան աւելցուցած է, որ հիմնադրամին հետ համագործակցաբար իրականացուցած են շարք մը ծրագիրներ, որոնք գործադրուած են ճշդուած ժամանակին եւ պիւտճէով:
«Հայաստան համապատասխան յաւակնութիւններ ունի օրէնքի գերակայութեան վերաբերեալ, այս ալ համապատասխան քննութիւն է: «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին ուղղուած մեղադրանքները պէտք է հիմք ունենան: Մինչեւ այսօր ես իսկական հիմքերու մասին տեղեակ չեմ», նշած է Գերմանիոյ դեսպան Ռայնըր Մոլերը` աւելցնելով, որ նման դէպքերով Հայաստան վնաս կը հասցնէ իր այն պատկերին, որ ձեւաւորուած է քաղաքական զարգացումներուն ընթացքին որոշումներ տալու ընդմէջէն:
«Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին նկատմամբ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութեան նպատակները չեն համապատասխաներ քրէական դատավարութեան կանոններուն», դիտել տուած է հիմնադրամի փաստաբան Վահէ Գրիգորեանը` աւելցնելով, որ ասիկա քողարկուած միջամտութիւն է «Սիվիլիթաս»-ի կողմէ ֆինանսաւորուող «Սիվիլնեթ» եւ «Օրակարգ» լրատուամիջոցներու ազատ արտայայտուելու իրաւունքին:
Հիմնադրամի տնօրէն Սալբի Ղազարեան յիշեցուցած է, որ այս շաբաթ կ՛աւարտին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան յարուցած քրէական գործի տասը ամիսները:
«Վերջին ամիսներուն մենք աւելի լուռ մնացած ենք` ակնկալելով, որ տասը ամսուան այս քննարկումները իրենց աւարտին կը հասնին: Այն բոլոր ամբաստանութիւնները, որ կը հնչեն մեր անուան շուրջ, առանց փաստերու են: Հարցաքննութիւնները խորացած են այս ամիսներուն, մեր շարք մը աշխատակիցները կը կանչեն հարցաքննութեան: Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ուսումնասիրած է այնպիսի բաներ, ինչպիսիք են վառելանիւթի, ինքնաշարժի լուացման կտրօնները, օրապահիկները եւ այլն: Մեր հաշուապահական ընկերութիւնը օրերս հայց ստացաւ, որով կը պահանջուի ներկայացնել իրականացուած բոլոր` աւելի քան 40 ծրագիրներու, նուիրատուութիւններու գումարներուն հաշուետուութիւնները», ըսած է Սալբի Ղազարեան: Ան աւելցուցած է, որ ճնշումներ կը բանեցուին նաեւ այն մարդոց վրայ, որոնք մասնակցած են «Սիվիլիթաս»-ի նկատմամբ ճնշումները դադրեցնելու պահանջով նամակ-ստորագրահաւաքին` ուղղուած Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեանին:

