«Մենք Ոեւէ Մէկուն Շուրջ Համախմբուելու Կարիք Չունինք» Կ՛ըսէ Արմէն Մարտիրոսեան

Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն «Բարեւ» դաշինքը գլխաւորող Արմէն Մարտիրոսեան երէկ Ազատութեան հրապարակին վրայ բացօթեայ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ ընդդիմութեան քողին տակ թաքնուած որոշ ուժեր կը փորձեն խեղաթիւրել իրականութիւնը:

Քաղաքական գործիչը նշեց, որ իշխանութիւնները թերեւս իրենց քայլերը բացայայտ կ՛ընեն, իսկ այն ուժերը, որոնք կը ձեւացնեն, թէ անկաշառ են, կը փորձեն ժողովուրդին մօտ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ Րաֆֆի Յովհաննէսեան առեւտուր կ՛առաջարկէ կամ այլ բան:

Անդրադառնալով ՀՅԴ, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Ժառանգութեան եռակողմանի խորհրդակցութեան ընթացքին Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրաբեանի այն յայտարարութեան, թէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը կրնայ միասնական օղակ հանդիսանալ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ընտրակեղծիքներուն դէմ պայքարելու համար, Արմէն Մարտիրոսեան յայտնեց, որ իրենք ոեւէ մէկուն շուրջ համախմբուելու խնդիր չունին եւ իրենց համար անընդունելի է, որ միասնական ցուցակը գլխաւորէ Վարդան Օսկանեան եւ ընդհանրապէս Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ոեւէ ներկայացուցիչ:

Իսկ Սերժ Սարգսեանի աշխատակազմի ղեկավարին այն յայտարարութեան առիթով, թէ նախագահը պատրաստ է հանդիպիլ միայն նախագահական նստավայրին մէջ, Ժառանգութեան փոխնախագահը յայտնեց, որ իրենց առաջարկները փոփոխութեան ենթակայ չեն եւ հայաստանեան ճգնաժամը լուծելու համար աւելի լաւ վայր չկայ, քան Ազատութեան հրապարակը:

 

Share this Article
CATEGORIES