Արցախեան Շարժման 25-ամեակին Նուիրուած Քննարկումներ` Մեծն Բրիտանիոյ Մէջ
25 մարտին Մեծն Բրիտանիոյ Համայնքներու տան մէջ տեղի ունեցաւ «Ղարաբաղեան շարժման 25-ամեակը. պայքար անկախութեան եւ արդարութեան համար» խորագիրով կլոր-սեղան քննարկումը` կազմակերպուած Բրիտանական-հայկական համակուսակցական խորհրդարանական խումբի եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ:
Քննարկումին նախագահեց Մեծն Բրիտանիոյ Համայնքներու տան մամլոյ, մարմնակրթութեան եւ մշակոյթի յանձնախումբի նախագահ, բրիտանական-հայկական համակուսակցական խորհրդարանական խումբի փոխնախագահ Ճոն Ուիթինկտէյլ: Արցախեան շարժման 25-ամեակի, սումկայիթեան ողբերգութեան, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ խօսք առին Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան, Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆելիքս Խաչատրեան, ինչպէս նաեւ շրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Ռիչըրտ Կիրակոսեան: Ելոյթներէն ետք բանախօսները պատասխանեցին ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:
Կլոր սեղան-քննարկման մասնակցեցան նաեւ բրիտանական-հայկական համակուսակցական խորհրդարանական խումբի նախագահ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, համայնքներու եւ լորտերու տուներու անդամներ, Լոնտոնի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, շրջանային խնդիրներով զբաղող վերլուծաբաններ, պատմաբաններ եւ ուսանողներ:
Նշենք, որ արցախեան շարժման 25-ամեակին նուիրուած քննարկումներ տեղի ունեցան նաեւ Օքսֆորտի համալսարանին մէջ` 26 մարտին եւ Լոնտոնի համալսարանական քոլեճին մէջ` 27 մարտին:

