Հայաստանի Ազգային Ժողով. Հանրապետական Կուսակցութեան Նախագիծը Դիմադրութեան Կը Հանդիպի
Հայաստանի խորհրդարանական ուժերը չեն յաջողիր համաձայնութեան գալ 18 փետրուարին նախագահական ընտրութիւններէն ետք երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ միացեալ յայտարարութեան շուրջ:
Ազգային ժողովի յայտարարութեան` իշխող Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան հեղինակած նախագիծին մէջ Ազգային ժողովը, մտահոգութիւն յայտնելով երկրին մէջ ստեղծուած յետընտրական ներքաղաքական զարգացումներուն առնչութեամբ, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական բոլոր կուսակցութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն, քաղաքական ու պետական գործիչներուն կոչ կ՛ուղղէ ջանքեր գործադրելու փոխադարձ հանդուրժողականութեան մթնոլորտի մէջ քաղաքական ուժերու միջեւ երկխօսութիւն ծաւալելու համար, կառուցողական քննարկումներ ծաւալելու սահմանադրական բարեփոխումներուն եւ ընտրական համակարգի բարելաւման շուրջ: Իշխող կուսակցութեան հեղինակած նախագիծով խորհրդարանը քաղաքական ուժերուն եւ քաղաքացիներուն նաեւ կը յորդորէ զերծ մնալ սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն հակասող գործողութիւններէն եւ առաջնորդուիլ երկխօսութեան ճամբով:
Իշխանական համաձայնական կառավարութեան մաս չկազմող խորհրդարանական խմբակցութիւնները այս յայտարարութեան նախագիծին կ՛ընդդիմանան` զայն նկատելով յստակ լուծումներ չառաջարկող հռչակագիր:
Ազգային ժողովին մէջ մեծութեամբ երկրորդ` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ կուսակցութիւնը քննարկած է եւ իր մերժումը փոխանցած է խորհրդարանական մեծամասնութեան: Ան մանրամասնեց, որ առաջարկուած յայտարարութիւնը իրենց համար անընդունելի է: Ըստ անոր, ատիկա ո՛չ թէ ուղեցոյց էր, ո՛չ թէ «փոքր» ճամբու քարտէս, որ ինչ պիտի ընէ մասնաւորաբար խորհրդարանը իր լիազօրութիւններու շրջագիծին մէջ` այս իրավիճակը յաղթահարելու, երկրին առջեւ դրուած լրջագոյն խնդիրները լուծելու համար, այլ ընդամէնը բարի ցանկութիւններու հռչակագիր մըն էր` «լաւ կ՛ըլլար, որ ամէն ինչ լաւ ըլլար» նիւթով:
Նայիրա Զոհրաբեան փոխանցեց, որ այս նախագիծը կազմելու ընթացքին հանրապետականները հաշուի չեն առած իրենց քանի մը առաջարկները, որոնք կը վերաբերին 100 տոկոսնոց համամասնական ընտրակարգով խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան իր կարգին նշեց, որ հաշուի չեն առնուած նաեւ ընդդիմադիր Ժառանգութեան եւ Դաշնակցութեան առաջարկները: Նշենք, որ նախագահական ընտրութիւններուն յաջորդող հանրահաւաքներու օրերուն Ժառանգութիւնը եւ Դաշնակցութիւնը բարձրացուցին Ազգային ժողովի յայտարարութիւն հրապարակելու եւ յետընտրական զարգացումներուն միասնական գնահատական տալու հարցը` ներկայացնելով ընտրական օրէնսգիրքի արմատական բարեփոխումներ: Առաջարկուեցան ընտրական օրէնսգիրքի արմատական բարեփոխումներ, 100 տոկոսնոց համամասնական ընտրակարգով արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ, վերահսկիչ պետական կառավարման համակարգին մէջ ընդդիմութեան ընդգրկում, սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնախումբի ստեղծում: Այդ առաջարկէն ետք խորհրդարանի նախագահը խօսեցաւ խորհրդարանի արտակարգ նիստ հրաւիրելու եւ միացեալ յայտարարութիւն կատարելու հաւանականութեան մասին, որուն յաջորդեց Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան հեղինակած նախագիծը:

