Փինկ Փոնկ. Շարիթիէ Հանդիսացաւ Հիւսիսի Նահանգի Ախոյեան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցան հիւսիսի նահանգի փինկ փոնկի տղոց Բ. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները:
Շարիթիէ Տար Նուր, յաղթելէ ետք Ինաաշ Քանաթի (3-0), հանդիսացաւ հիւսիսի շրջանի ախոյեան եւ ապահովեց աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը: Անոր հետ միասին իր տոմսը ապահովեց նաեւ նոյնինքն Ինաաշ Քանաթ:
Աւարտին Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Իզզէտտին Հատտատ մրցանակները եւ մետալները տուաւ մրցանակակիրներուն:
CATEGORIES Մարզական

