«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Հովանաւորած Մինի-Ֆութպոլի 4-րդ Մրցաշարքը Սկսաւ

Կազմակերպութեամբ` արտասահմանեան լրագրողներու միութեան եւ հովանաւորութեամբ «ՎԻՎԱՍԵԼ-Էմ. Թի. Էս.»-ին, «Կրանտ Սփոր» մարզահամալիրին մէջ սկսաւ Հայաստանի լրատուամիջոցներու միջեւ մինի-ֆութպոլի 4-րդ մրցաշարքը: Անիկա կ՛աւարտի յառաջիկայ 6 ապրիլին:

Մրցաշարքին հանդիսաւոր բացման արարողութեան ընթացքին ողջոյնի իր խօսքը ըսաւ արտասահմանեան լրագրողներու միութեան նախագահ Տիգրան Յովհաննիսեան: Բացման արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ ֆութպոլի վեթերան, վաստակաւոր մարզիչ Սեմիոն Իսրայէլեան: Պարային ներկայացում կատարեց Արաբկիր խումբը:

Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն mamul.am, News.am, emedia.am կայքէջերը, «Արեւածաղիկ», «Ֆինանսներ-Էքոնոմիա» ամսագիրները, «Մետիամաքս» լրատու գործակալութիւնը, «Չորրորդ իշխանութիւն» թերթի եւ արտասահմանեան լրագրողներու միութեան անդամներէն կազմուած 8 խումբ:

Անոնք բաժնուեցան երկու խմբակի: Առաջին երկու դիրքերը գրաւողները կ՛ապահովեն կիսաւարտականի իրենց տոմսերը: Ապա տեղի կ՛ունենայ 3-րդ դիրքի եւ աւարտական մրցումը:

Տիտղոսին տիրացող խումբը պիտի պարգեւատրուի «ՎԻՎԱՍԵԼ-Էմ. Թի. Էս.»-ի տիտղոսով, մետալներով եւ պատուոյ գիրերով: Նոյնը պիտի ստանան նաեւ 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւողները:

Պիտի տրուին տասը այլ մրցանակներ ալ, օրինակի համար` լաւագոյն բերդապահ, լաւագոյն կոլ, լաւագոյն մարզիկ եւ այլն:

 

Share this Article
CATEGORIES