Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բնաւ մի՛ աճապարէք օրուան հարցերը կարգադրելու, հանդարտութեամբ աշխատեցէք, որովհետեւ ամէն ինչ պիտի կարգադրուի ինքնաբերաբար:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բարկացած եւ ջղայնացած էք. այս մասին զգուշացուցէք գործակիցները, ձեզի մօտիկ անձերը, թէ այսօր «Ցուլը» բարկացած է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ ունիք կարգադրութիւններ` տունը կամ գործատեղին, այսօր ժամանակն է այս տեսակ գործերու: Կատարեցէք առանց աճապարանքի, հանդարտ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նոր մարզաձեւ մը կիրարկեցէք, եթէ նախորդ ձեւերէն չէք օգտուած կամ չէք ախորժած: Կարեւորը ձեր ֆիզիքականին առողջ պահպանումն է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հինէն մնացած վիճարկելի հարց մը մնացած է առկախ: Այսօր այդ մասին նոր կարգադրութիւն մը կրնաք ընել` փրկուելու համար անիմաստ այդ տաղտուկէն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ժամանակը պիտի անցընէք ընտանիքին հետ: Ձեր կապը զօրաւոր է, բայց պարբերաբար հարկ է ըլլալ միասին, աւելի սերտ ու սիրալիր:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այդքան կծծի մի՛ ըլլաք, երբեմն ծախսեցէք քիչ մը: Կրնաք գոհանալ ձեր ունեցածով. վեհանձնութիւնը առաքինութիւն է, մի՛ մոռնաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Գործնական, եռանդուն եւ աշխատունակ պիտի ըլլաք: Կրնաք օգտուիլ օրուան ընձեռած բարիքներէն: Ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս լաւ էք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր շուրջը պիտի ստեղծուի հաճելի շարժում եւ նորութիւն: Պիտի զգաք ինքնավստահութիւն: Օրը ունի այլ տեսակի նորութիւն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ուրիշներու հարցերուն վերաբերեալ առանձին որոշում մի՛ տաք: Եղէք իմաստուն եւ նկատի առէք նաեւ այլոց տեսակէտները: Մնացէք հանդարտ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կը գանգատիք, թէ ձեր շուրջը անհանգստացնողներ կան: Պիտի լսեն ձեզ, բայց այս փոփոխութիւնը մէկ անգամով չ՛ըլլար, ժամանակի կը կարօտի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ճամբորդելու կը պատրաստուիք, այժմէն ընտրեցէք լաւագոյն պայմանները ներկայացնող տոմսերու սակը, որպէսզի օգտուիք:

