50 Տարի Առաջ (30 Մարտ 1963)
Խմբագրական
Քառասուն Օր Ետք
Քառասուն օրեր կարծէք ակնթարթի մը պէս անցան այն օրէն, երբ համայն հայութիւնը մատնուեցաւ անսովոր ալեկոծութեան մը, խոր վշտաբեկումի եւ անմխիթար ցաւի ներքին տառապանքով:
Քառասուն օրե՜ր, որքա՜ն նման սովորական օրերուն, բայց որքա՜ն տարբեր անոնցմէ, իրենց բերած ցաւագին անդրադարձներով, ափսոսանքով, այլեւ` լուռ խորհրդածութեամբը կորուստին, որուն կ՛ենթարկուէին Հայաստանեայց եկեղեցին եւ հայ ժողովուրդը:
Մահը անկաշառ դատաւորն է բոլո՛ր կեանքերուն: Մահուան փոսը այն անծայրածիր անջրպետն է, որ մարդիկը կը բաժնէ փոքրէն, նսեմէն, հաշիւէն` բանալով լայն հորիզոնները Մեծին, Վսեմին ու Արժէքին, տալով կշիռը Գործին, որ անկորնչելի է:
Հոգիները տակաւին չեն գտած իրենց հանդարտութիւնը, ու արդէն քառասունքն է: Քառասունքը Մեծ Հովուապետի մը, որ գարուն հասակին փակեց աչքերը յաւիտենապէս, իր ժողովուրդի ծո՛վ արցունքներուն մէջ, սուգի սեւ քողը նետելով Իր Աթոռին ու մեր կեանքին վրայ, որ իրմով կը հպարտանար, իրմով կը պարծենար, իր անձին ու հմայքին կապած էր գեղեցիկ երազները ապագային, որ պիտի ըլլար անպայմանօրէն լուսաշող, անպայմանօրէն պայծառ ու արփաւէտ:
Ու ցաւը եղաւ այնքան մեծ, որքան գեղեցիկ էին այդ երազները, ափսոսանքը` այնքան խոր, որքան զօրաւոր էին այդ յոյսերը, որոնք կը տարածուէին հայ կեանքին վրայ, հոս թէ այլուր, գաղթաշխարհի մէկ ծայրէն միւսը:
Զարեհ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր Աթոռին վրայ բարձրացաւ, երբ ներսէն թէ դուրսէն այնքան ահաւոր վտանգներ կը սպառնային հայրապետական այդ գահին անկախութեան եւ տեւականացման: Գիտակից այդ բոլորին, այլ մանաւանդ` կոչումովը անձնդիր նուիրեալին, երիտասարդ վեհափառը, միակ զէնք ունենալով Ս. Աւետարանը, ու նաեւ իր անձէն բխող անսահման բարութեամբ գօտեպնդուած` իր գահակալութեան եօթը տարիներու ընթացքին (եւ ի՜նչ տարիներ) կրցաւ բարձրանալ բոլոր վէճերէն վեր` նայուածքը ուղղած յաւիտենական արժէքներուն, եւ` խորապէս համոզուած, որ անցողակի երեւոյթները տեղի կու տան Գործին մեծութեան առջեւ:
Ու այդպէս ալ եղաւ: Երանաշնորհ հայրապետի գահակալութեան եօթը տարիները, հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններու, եղան վերաշինութեան, զարգացման շրջան մը, որ ընդգրկեց կաթողիկոսութեան թեմերու ազգային-եկեղեցական կեանքի բոլոր կալուածները: Տեւական եւ գեղեցիկ իրագործումներու լայն հորիզոններ բացուեցան` անձնուէր ու անխոնջ ծառայութեամբը միաբանութեան, որուն երիտասարդ անդամները, իրենց Հոգեւոր Առաջնորդին անձնական օրինակով ու անոր շունչով ու ոգիով լծուեցան աստուածահաճոյ գործի մը` ի խնդիր Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան:
Այսօր, վեհափառի վախճանման քառասունքին առիթով, երբ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի վերջին յարգանքը մատուցելու երջանկայիշատակ կաթողիկոսին, վստահ ենք, որ իւրաքանչիւր հայ իր մտքին առջեւ ունի պատկերը այդ Գործին, որ անպայմանօրէն պիտի շարունակուի, վեհափառին յիշատակով գօտեպնդուած նուիրեալներու փաղանգի մը կողմէ:
Սեւ քողը պիտի վերցուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր աթոռին վրայէն եւ պիտի վերացուի նոր շրջան մը շարունակելու համար այն մեծ գործը, որուն հիմերը նետած էր Զարեհ Ա., իր կարճատեւ գահակալութեան ընթացքին:
Օգնութեան Խաչի Դասախօսութիւնը
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի քաղաքի վարչութեան հերթական դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 21 մարտ 1963, կ. ե. ժամը 4:00-ին, Ժողովրդային տան սրահին մէջ:
Օրուան դասախօսն էր տոքթ. Պարետ Մինասեան` նիւթ ունենալով մանուկներու առողջապահութիւնը:
Յարգելի դասախօսը, ներկաներուն մատչելի պարզաբանումներով, մանուկներու ընդհանուր առողջապահութեան մասին խօսելէ ետք, պատմական տուեալներու հիման վրայ, մասնաւորապէս ծանրացաւ երեխաներու ժառանգական, տարափոխիկ եւ կլիմայական հիւանդութիւններու վրայ:
Դասախօսութենէն ետք յարգելի բժիշկը սիրայօժար կերպով պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն:
Ներկաները խորապէս տպաւորուած` վարչութենէն խնդրեցին, որ նմանօրինակ ձեռնարկները դառնան յաճախակի:
ԹՂԹԱԿԻՑ

