Փոքրերու Միջազգային Խաղաղութեան Մրցանակը Ֆիլիփփինցի 13 Տարեկան Քրիս Վալտեզի
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Քրիս Վալտեզ 13 տարեկան պատանի մըն է, որ իր կեանքին մեծ մասը անցուցած է փողոցներուն մէջ` մուրալով, աղբերուն մէջէն մնացորդներ հաւաքելով եւ բաց գերեզմանատան մը մէջ պառկելով: Ան թշուառ մանկութիւն մը ունեցած է:
Մինչեւ այն օրը, երբ արկածէ մը ետք անոր օգնութեան կու գայ բարեսիրական կազմակերպութիւն մը: Ան վերջապէս զգաց իր շուրջիններուն սէրը, ազնուութիւնը եւ հոգատարութիւնը:
Իր եօթներորդ տարեդարձին Վալտեզ ինքն իրեն համար նուէրներ չփափաքեցաւ: Անոր փոխարէն` ուզեց բան մը տալ փողոցի ուրիշ մանուկներու: Այդ նոյն տարին ան հիմնեց իր անձնական բարեսիրական կազմակերպութիւնը` «Չամփիոնինկ քոմիւնիթի չիլտրըն»: Իր կազմակերպութեան ընդմէջէն ան ուզեց «յոյսի նուէրներ» հայթայթել փողոցը ապրող մանուկներուն, իր քաղաքի` Քաւիթէյի նպարավաճառներէն օգնութիւն խնդրելով: Առաջին հերթին ան մանուկներուն բաժնեց մուճակներ, որպէսզի անոնք չվիրաւորուին, եւ ապա` հագուստներ:
Քրիսի այս գործունէութեան շնորհիւ նուիրատուութիւնները «կը խուժեն»: Քրիս կը խնդրէ այս մանուկներէն, որոնց օգնած էր, ինչպէս նաեւ` քաղաքի դպրոցի մանուկներէն, իրեն միանալ` նուիրատուութիւններ հաւաքելու եւ բաժնելու համար: Այս ձեւով, 13 տարեկանին Քրիս օգնութեան հասած է իր քաղաքէն 10 հազար թշուառ մանուկներու` անոնց բաժնելով հագուստներու եւ խաղալիքներու 5000 ծրարներ: Իր կազմակերպութեան օգնութեամբ, ան այդ մանուկներուն կը սորվեցնէ նաեւ առողջապահութեան, ուտելիքի եւ մանուկներու իրաւունքներու մասին. առանց մոռնալու անոնց փոխանցելու իրարու սորվեցնելու միջոցը:
Աշխարհի բոլոր մանուկներուն ուղղուած Վալտեզի պատգամը կը պարզէ. «Մեր առողջութիւնը մեր հարստութիւնն է»: Առողջ ըլլալով` անոնք կարելիութիւնը կ՛ունենան խաղալու, յստակօրէն մտածելու, ոտքի կանգնելու եւ դպրոց երթալու:
Վալտեզ, որ իրեն նման ուրիշ մանուկներու յատուկ բացօթեայ դպրոցի մը մէջ սորված է, կ՛երազէ ապագային բժիշկ դառնալ եւ այդ մանուկներուն իր կարգին փոխանցել սէրն ու ազնուութիւնը, որ ինք բախտաւորութիւնը ունեցած է ստանալու:
* * *
Տեսմոնտ Թութու եպիսկոպոս, որ 1984-ին արժանացած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին, Լահէյի մէջ պատանի Վալտեզին յանձնած է փոքրերու իրաւունքներու հոլանտական կազմակերպութեան 2012-ի Փոքրերու միջազգային խաղաղութեան մրցանակը եւ անոր ընկերակցող 130 հազար տոլարը` բացագանչելով. «Դուն հրաշալի՛ ես»:
Վալտեզ իր մրցանակին այս գումարը պիտի գործածէ նոր ծրագիր մը պատրաստելու համար:
Խոհագիր
Միկելի Զատկուան Կարկանդակը
Այս կարկանդակը Փորթուգալի ամէնէն ծանօթ կարկանդակն է: Ան ծնած է Ամարանթի շրջանին մէջ: Սկզբունքով Զատկուան շրջանին պատրաստուող այս կարկանդակը այլեւս միայն այդ ժամանակ չ՛ուտուիր, այլ` ամբողջ տարուան ընթացքին:
Պէտք ունիս (4 հոգիի համար)
6 հաւկիթի, 250 կրամ փոշիէ շաքարի, 150 կրամ ալիւրի, 1 կիտրոնի, պտղունց մը աղի:
Պատրաստութիւն

1.- Հաւկիթները կտրէ` իրարմէ զատելով ճերմկուցները եւ դեղնուցները: Փուռը վառէ 180 աստիճան տաքութեան վրայ (թերմոսթա 6):

2.- Խորունկ ամանի մը մէջ միասին խառնէ հաւկիթի դեղնուցները եւ շաքարը: Զարկ, մինչեւ որ խառնուրդը ճերմկնայ եւ քրեմի նման դառնայ:

3.- Հաւկիթի ճերմկուցները պտղունց մը աղով զարկ, մինչեւ որ ուռին: Երբ անոնք լաւ պինդ ըլլան, անոնց վրայ զգուշութեամբ աւելցուր շաքարով դեղնուցի խառնուրդը:

5.- Ապա, կամաց-կամաց սրսկելով այս խառնուրդին վրայ, աւելցուր ալիւրը` անդադար խառնելով: Զգուշութեամբ խառնէ, որպէսզի գունդեր չկազմուին:

7.- Կարկանդակը փուռին մէջ եփէ 45 վայրկեան: Որպէսզի վստահ ըլլաս, թէ ան եփած է, դանակի մը ծայրը մխրճէ անոր մէջ. եթէ դանակը չոր դուրս ելլէ, կարկանդակը եփած է:

6.- Այս խառնուրդը պարպէ փուռի յատուկ կլոր ափսէի մը մէջ, որուն վրայ կարագ քսած պէտք է ըլլալ եւ` ալիւր սրսկած:
Ձեռային Աշխատանք
Զատկուան Նապաստակներ
Այս նապաստակները, որոնք երբեմն «քաղցր» անակնկալներ կրնան պահել, կրնաս գործածել զարդարելու համար Զատկուան սեղանը, կամ` կախել դուռերուն եւ պատուհաններուն վրայ:
ա) Պզտիկ նապաստակներ
Այս աշխատանքին համար պէտք պիտի ունենաս փինկ-փոնկի գնդակներու, պզտիկ քափքէյքի թուղթէ կաղապարներու, քրեփոն թուղթի, խէժի:
Քրեփոն թուղթէ բարակ երիզներ կտրէ, անոնց վրայ խէժ քսէ եւ անոնցմով պատէ փինկ-փոնկի գնդակը: Քրեփոն թուղթին կամ բարակ խաւաքարտի վրայ գծէ եւ կտրէ նապաստակին ականջները: Զանոնք փակցուր փինկ-փոնկի գնդակին ետեւը: Գծէ նապաստակին աչքերը, քիթը, բերանը:
Փինկ-փոնկի գնդակը փակցուր շրջուած քափքէյքի թուղթէ պզտիկ կաղապարի յատակին վրայ:
բ) Նապաստակ-կողովներ
Այս պարզ աշխատանքին համար պէտք ունիս խաւաքարտէ պնակներու:
Խաւաքարտէ պնակ մը օգտագործելով` ուրիշ պնակի մը վրայ կողովին կէս-կլոր բացուածքը գծէ եւ կտրէ (1-2):
Ուրիշ խաւաքարտէ պնակէ մը երկու կէս-կլորներ կտրէ նապաստակին ականջներուն համար (3): Զանոնք կցէ կցիչ գործիքով նապաստակին դէմքին վրայ (4):
Նոյն ձեւով, ետեւէն գործիքով կցէ գլխուն ետեւի բացուածքով բաժինը (4): Աւելցուր նապաստակին դէմքին մանրամասնութիւնները (աչք, քիթ, բերան, ակռայ…) (5):
Ականջներուն ծայրերէն երկու ծակ բաց եւ անոնց մէջէն ժապաւէն մը անցուր: Նապաստակ-կողովդ պատրաստէ. կրնաս անոր մէջ պահել տուրմէ փոքրիկ հաւկիթները:
Կ՛ուզէ՞ք Հաւ Մը Որդեգրել
Ֆրանսայի Պրըթանիը շրջանի քաղաքներէն մէկուն քաղաքապետարանը Զատկուան առիթով կ՛առաջարկէ բաժնել… իսկական հաւեր` տուրմէ հաւկիթներու կամ նապաստակներու փոխարէն:
Հաւերը տարեկան կ՛ուտեն 50-150 քիլօ տնային մնացուկներ (կեղեւներ, շատ հասուն պտուղներ…)` նուազեցնելով ընտանիքին աղբերուն ծաւալը: Քառասուն ընտանիք պիտի ստանան այս «նուէրները», պայմանաւ որ անոնք բացօթեայ, բայց ցանկապատուած հողաշերտ մը ունենան եւ լաւ վարուին թռչնազգիին հետ:
Նոր Մրցանիշ
29 տարեկան Շուրիմ Շերփա Նեփալ ապրող երիտասարդուհի մըն է: Ան մուտք գործեց աշխարհի մրցանիշներու «Կինես» գիրքին մէջ:
Ան Հիմալայայի Էվերեսթ գագաթը երկու անգամ բարձրացաւ նոյն շաբթուան ընթացքին. 12 մայիս եւ 19 մայիս 2012-ին:
Էվերեսթ աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթն է: Անիկա կը հասնի 8848 մեթրի:
Ժամանց





