«Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Պիտի Նպաստէ Աւելի Առողջ Թուրք Սերունդի Դաստիարակութեան». Զարաքօլու

27 մարտին Երեւանի «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ին մէջ տեղի  ունեցաւ հանդիպում մը թուրք յայտնի մտաւորական, գրող, «Պելկէ» հրատարակչատան տնօրէն Ռակըպ Զարաքօլուի հետ:

Հանդիպումին, որուն կը մասնակցէին կեդրոնի աշխատակիցները, գիտնականները, գրողներ, լրագրողներ եւ ուսանողներ, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան, որ ըսաւ. «Յարգարժան Զարաքօլուն իր գործունէութեամբ մեծ ժողովրդականութիւն է վայելում ոչ միայն Թուրքիայում, այլ նաեւ` համայն աշխարհում, որտեղ հետաքրքրութիւն կայ մարդկային եւ ազգային իրաւունքների եւ ընդհանրապէս արդարութեան նկատմամբ: Հասկանալի պատճառներով պրն. Զարաքօլուի հանդէպ հետաքրքրութիւնն առաւել մեծ է Հայաստանում, որտեղ պրն. Զարաքօլուն, որպէս ազնիւ եւ անկաշառ մտաւորական, պատմութեան ամենաբարդ հանգոյցի` Հայոց ցեղասպանութեան մասին ունի ընդգծուած տեսակէտ, որը շատերը չեն կիսում: Նրա այս պայքարը, որը մղւում է հրատարակչական, հասարակական, քաղաքական, մամուլի ասպարէզներում, այսօր մեծ հետաքրքրութեան առարկայ է ողջ աշխարհում»:

Ռ. Զարաքօլու իր խօսքը սկսաւ «Բարեւ»-ով: Ան նշած է. «Շատ ուրախ եմ հոս գտնուելուս համար, մանաւանդ` երիտասարդներու հետ հանդիպելուս առիթով, քանի որ դուք` երիտասարդներդ, կը ներկայացնէք ապագան,  եւ դուք կամուրջ մըն էք` խարսխուած անցեալի եւ ապագայի միջեւ: Միեւնոյն ժամանակ, քանի որ կ’աշխատիք թրքագիտութեան եւ պատմագիտութեան բնագաւառներուն մէջ, կը կարծեմ, որ դուք նաեւ կամուրջ պիտի ըլլաք երկու ժողովուրդներուն միջեւ, որուն համար շատ երջանիկ եմ: Յստակ է, որ Թուրքիան եւ Հայաստանը դրացի երկիրներ են, սակայն շուրջ հարիւր տարի է, որ իրարմէ հեռու են այնքան, որքան` լուսինն ու Երկիրը: Անիի մօտակայքը կայ քանդուած կամուրջ մը, որ 100 տարիէ անգործածելի վիճակի մէջ է: Ես հիմա կը յիշեմ լուսահոգի ընկերոջս` Հրանդ Տինքի հոն նկարուած լուսանկարը. Տինք իր կեանքը կորսնցուց այն պատճառով, որ կ’ուզէր վերականգնել կամուրջը: Այդ կը նշանակէ, որ Թուրքիոյ մէջ կան մարդիկ, որոնք կը վախնան այդ կամուրջի վերակառուցումէն»:

Զարաքօլու ընդգծեց նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ կը գործադրուի հայկական մշակոյթի ոչնչացման եւ զանոնք նկատի չունենալու քաղաքականութիւն. ան յայտնեց. «Ես կը կարծեմ, որ ճիշդ այս է ամէն մէկ ցեղասպանութեան վերջակէտը»:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Թուրքիոյ համար պետական անվտանգութեան հարց է: Այս պատճառով է, որ արդէն երկար տարիներէ ի վեր երկրին մէջ մերժողականութեան մթնոլորտ ձեւաւորուած է, նշեց Զարաքօլու` անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող նախապատրաստական աշխատանքներուն:

«Ինչպէս խորհրդային շրջանին մարդոց յոգնեցուցած էր պաշտօնական պատմագրութիւնը, այնպէս ալ Թուրքիոյ մէջ այս խնդիրը յոգնեցուցած է թուրք ժողովուրդը: Հակառակ Թուրքիոյ մէջ առկայ արգելքներուն` մեր օրերուն բազմացած են այն մտաւորականները, որոնք կը համոզուին, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր», դիտել տուաւ Զարաքօլու: Անոր համաձայն, վերջին շրջանին երկրին մէջ բազմացած են այն թուրք մտաւորականները, որոնք սկսած են լրջօրէն մտածելու կատարուածին մասին` զուգընթաց կարեւորելով նաեւ մտաւորականներուն ունեցած դերակատարութիւնը:

«Ցաւալի է, որ թրքական մերժողականութիւնը կը հասնի այն աստիճանի, որ ցեղասպանութեան «թրոման» (խոցը, վէրք-Խմբ.) կը փոխանցուի նոր սերունդներուն: Թուրքիան իրաւունք չունի այդպէս վարուելու, ատիկա շատ դաժան է սերունդներուն նկատմամբ», նշած է թուրք մտաւորականը: Ան ընդգծած է, որ եթէ Թուրքիան պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրէ Հայոց ցեղասպանութեան համար, այն ատեն թուրք նոր սերունդներն ալ հոգեպէս աւելի առողջ պիտի ըլլան: «Թէ՛ թրքական, թէ՛ քրտական, թէ՛ հայկական կողմի հանգստութեան համար պէտք է կարողանանք թաղել մեր մեռելները: Այնքան ատեն որ կը մերժենք Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, մեր մեռելները կը շարունակեն անթաղ մնալ իրենց գերեզմաններուն մէջ իսկ», յայտարարեց Զարաքօլու:

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի մասին` թուրք մտաւորականը յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, յայտարարելով իր անկախութիւնը, օգտագործեց հասարակութիւններու հիմնարար իրաւունքներէն մէկը` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը:

«Քառասուն տարիէ ի վեր կ՛աշխատիմ մարդու իրաւունքներու բնագաւառին մէջ, եւ այս հարցին գծով իմ տեսակէտս շատ պարզ է: Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներուն ազրպէյճանական իշխանութիւնները Թուրքիոյ դրդումով սկսան ֆաշական քաղաքականութիւն որդեգրել եւ կոտորել հայերը: Ղարաբաղի ժողովուրդը արտայայտեց իր կամքը, ինքնորոշման դիմեց, դիմադրեց եւ յաղթանակ տարաւ: Ես ուրախ եմ անոնց յաղթանակին համար», դիտել տուաւ թուրք մտաւորականը: Ան ղարաբաղեան հիմնահարցը նմանցուց Թուրքիոյ մէջ առկայ քրտական խնդիրին: «Եթէ նոյնիսկ ընտանիքին մէջ կան խնդիրներ, ամուսիններն իրաւունք ունին ամուսնալուծուելու: Կը կարծեմ, որ ժողովուրդները առաւել եւս պէտք է ունենան բաժնուելու իրաւունքը», ընդգծեց Ռակըպ Զարաքօլու:

Share this Article
CATEGORIES