Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին իր պաշտօնը պիտի յանձնէ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր հսկիչ գնդապետ-զօրավար Ռոժէ Սալեմի:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք կը մերժէ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան ստանձնումը` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարներուն կողմէ: «Ես կ՛ուզեմ կառավարութիւն մը, որ ոչ ոք կ՛իրաւազրկէ», ըսաւ Ժոմպլաթ:
ԼԻԲԱՆԱՆ-Սուրիա սահմանային Արիտա շրջանին հանդիպակաց ծովուն մէջ սուրիական ծովուժին պատկանող նաւէ մը կրակ բացուած է եւ վիրաւորած լիբանանցի ձկնորս մը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Յիսուսի խաչելութեան արարողութեան, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն իրենց սրտերը բարձրացնելու առ Աստուած` սորվելու անոր տարածած սէրէն օրինակներ, ինչպէս նաեւ պահանջելու իրենց մեղքերուն ներումը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի եւ բնական կազի հարստութեան մերժումը անընդունելի է` աւելցնելով, որ կարելի չէ կառավարութեան հրաժարականին ընդմէջէն այդ աշխատանքը կասեցնել: Ան աւելցուց նաեւ, որ այդ աշխատանքը բծախնդրութեամբ եւ արհեստավարժութեամբ կատարուած է:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ պլոքին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, այսօր պիտի ուղղուի Ռիատ, հանդիպում մը ունենալու համար նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
ԻՍՐԱՅԷԼ կը նախատեսէ, որ Հըզպալլայի հետ նոր պատերազմի մը պարագային, Հըզպալլա 2006-ի պատերազմին ընթացքին Իսրայէլը ռմբակոծած հրթիռներուն տասնապատիկով բազմապատկէ Իսրայէլի ռմբահարումը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական խորհրդական, նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ իրենք վարչապետի իրենց թեկնածուն պիտի ճշդեն այս շաբաթավերջին` աւելցնելով, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը մերժեն իրենց հետ խորհրդակցիլ այս կամ այլ հարցերու շուրջ:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, նախապատրաստական աշխատանք կը տարուի Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու նպատակով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի յայտնեց, որ կառավարութեան հրաժարականը դրական սկիզբ մըն է` վերադառնալու Ազգային երկխօսութեան նիստին:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ Տոհայի մէջ տեղի ունեցած Արաբական վեհաժողովը Արաբական լիկային դէմ արձակուած մահացու փամփուշտն է:
ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ տրամաբանական չէ, որ կարգ մը քաղաքական ուժեր այս կամ այն նախարարութեան մենաշնորհը ունենան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ նախատեսելի չէ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի չէզոք կառավարութեան մը նախագահէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի անունը այս հանգրուանին վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու համար չէ առաջադրուած:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ դատարկութիւն ստեղծուիլ օրէնսդրական եւ գործադիր իշխանութեան առումով:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա համաձայն գտնուած է Հըզպալլան զետեղելու ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին:
ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը պահանջէ գումարել խորհրդարանի լիագումար նիստ մը, որուն ընթացքին անպայման վաւերացնել Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:

