Տաւութօղլու Պատրաստ Է Հրաժարելու, Եթէ Ընդդիմութիւնը Ապացուցէ Գաղտնի Բանակցութիւններու Մեղադրանքը
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու պատրաստ է հրաժարական տալու եւ հեռանալու քաղաքականութենէն, եթէ թրքական ընդդիմութիւնը ապացուցէ, որ ան գաղտնի բանակցած է Իսրայէլի հետ:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Իսրայէլ ներում հայցած էր բացառապէս թրքական կողմի ճնշումներուն եւ ոչ թէ գաղտնի բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք: «Թող ընդդիմութիւնը ապացուցէ, որ Քաթարի մէջ Իսրայէլի հետ գաղտնի համաձայնագիր ստորագրած եմ: Եթէ ապացուցէ, որ այդպիսի հանդիպում եղած է, ես պատրաստ եմ հրաժարական տալու եւ քաղաքականութենէն հեռանալու», ըսած է Տաւութօղլու:
Յաջորդ շաբաթ Անգարա պիտի այցելէ Իսրայէլի պատուիրակութիւնը` քննարկելու «Մաւի Մարմարա» նաւու միջադէպին ընթացքին զոհուած թուրքերու ընտանիքներուն հատուցում տալու հարցը:
Յիշեցնենք, որ միջադէպին կապակցութեամբ անցեալ շաբաթ Իսրայէլ ներում հայցած էր Թուրքիայէն եւ հատուցում կատարելու պատրաստակամութիւն յայտնած:

