Պըրրի. «Եթէ Երեսփոխանական Ընտրութիւններ Պիտի Չկատարուին, Ապա Պէտք Է Կազմել Ազգային Փրկութեան Կառավարութիւն Մը»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շեշտեց, որ յաջորդ վարչապետին յատկանիշները տակաւին կարելի չէ եղած ճշդել, որովհետեւ անոնք ուղղակիօրէն կապուած են յաջորդ կառավարութեան ստանձնելիք աշխատանքներուն հետ:
«Եթէ այդ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկելու կառավարութիւն մը, ապա անիկա պէտք է ունենայ որոշ յատկանիշներ: Իսկ եթէ երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին, ապա պէտք է կազմել ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը:
Պըրրի յայտնեց, որ երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին ինք վարչապետի անուն պիտի առաջադրէ կառավարութեան տեսակին համաձայն:
Պըրրի վերահաստատեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը մահացած է եւ անոր մահուան փաստը այն է, որ այդ օրէնքին հիման վրայ ընտրութիւններ կազմակերպող եւ անոնց վերահսկող խորհուրդներ չեն կազմուած:
Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները տակաւին կարելի է կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, եթէ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին կարելի ըլլայ ընտրական օրէնք մը վաւերացնել:

