Նախագահ Սլէյման Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանին Մէջ Ներկայ Գտնուեցաւ Յիսուսի Թաղման Կարգի Արարողութեան
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման երէկ ներկայ գտնուեցան Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ կատարուած Յիսուսի Թաղման կարգի արարողութեան եւ Աւագ ուրբաթ օրուան առիթով մատուցուած պատարագին, որուն նախագահեց Մարոնի միաբանութեան մեծաւոր հայր Թաննուս Նեհմէ:
Այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան մաս կազմող նախարարներ Ֆայեզ Ղոսըն, Վրէժ Սապունճեան, Ժըպրան Պասիլ, Կապի Լայեուն, Նիքոլա Նահհաս, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիելէ Քաչիա, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով դիւանագէտներ, պետական պաշտօնատարներ եւ զինուորականներ:
Իր քարոզին մէջ, հայր Նեհմէ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս ներկայ զգայուն հանգրուանին ընթացքին իրենք կը վստահին հանրապետութեան նախագահին իմաստուն միտքերուն եւ անշեղ կեցուածքներուն` յաղթահարելու համար երկիրը հարուածող մարտահրաւէրները:


