Գլխաւորութեամբ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքին. Յիսուսի Թաղման Կարգը` Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ
Քրիստոնեաներուն համար Աւագ ուրբաթը յատուկ նշանակութիւն ունեցող օր մըն է, որուն ընթացքին հաւատացեալները իրենց յարգանքի մօտեցումը կ՛արտայայտեն Յիսուս Քրիստոսին` իր զոհաբերութեան եւ նուիրումին դիմաց: Այս առիթով, երէկ` ուրբաթ, 29 մարտ 2013-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Քրիստոսի թաղման կարգի հոգեւոր արարողութիւն` ներկայութեամբ հարիւրաւոր հաւատացեալներու:
Օրուան պատգամը ուղղեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, որ ներկայացուց Յիսուսի խաչելութեան եւ Աւագ ուրբաթի խորհուրդը: Կաթողիկէ հայոց պատրիարքը ըսաւ, որ Յիսուսի խաչելութիւնն ու չարչարանքները արտայայտութիւնն են մարդկութեան նկատմամբ անոր ունեցած անծայրածիր սիրոյն եւ նուիրումին: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը կոչ ուղղեց ներկաներուն հետեւելու Քրիստոսի սրբազան ուղիին:
Արարողութենէն ետք հարիւրաւոր հաւատացեալներու թափօրը շրջեցաւ Պուրճ Համուտի թաղամասերուն մէջ եւ վերադարձաւ եկեղեցի, ուր Քրիստոսի խորհրդանշական գերեզմանին տակէն անցան հաւատացեալները եւ օրհնութիւն ստացան:

