Աւագ Ուրբաթ. «Քրիստոսի Ծրագիրը Իր Մահուամբ Չի Վերջանար, Այլ` Յարութեամբ Կը Պսակուի» Կ՛ըսէ Գեղամ Արք. Խաչերեան
Աւագ ուրբաթ, 29 մարտին, Քրիստոսի չարչարանքներուն, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին մատուցուեցաւ Ս. արարողութիւն Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:
Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ միայն հաւատքի ճամբով կրնանք տեսնել եւ ըմբռնել, որ Աստուած աշխարհ եկաւ մարդոց համար, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, խաչին վրայ մահացաւ: «Աստուած եւ մահ իրարու հետ չեն կրնար հանդիպիլ: Աստուած չի կրնար մահանալ», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ Քրիստոսի ծրագիրը իր մահուամբ չի վերջանար, այլ` յարութեամբ կը պսակուի: Ան պէտք է մահը յանձն առնէր մարդկութեան համար: «Մարդը մեռցնողը ֆիզիքական մարմնական մահը չէ, այլ` հոգիին մահն է… մարդու դժբախտութիւնը իր հոգիին կորուստն է», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` նկատել տալով միաժամանակ, որ մեղքը Աստուծոյ հակառակ ապրիլն է, եւ Յիսուս եկաւ մեղքին յաղթելու եւ իր մահով մահը կոխկռտեց: «Քրիստոնեայի կեանքը Քրիստոսի մահով ուրախութեան կեանք է… Քրիստոնէական հաւատքի ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ մենք Քրիստոսի խաչելութիւնը, թաղումը եւ յարութիւնը շարականով կ՛օրհնաբանենք», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:
Այնուհետեւ, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ գլխաւորութեամբ սրբազան հօր, թափօրը շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ:

