Քրիստոսի Թաղման Կարգին Նախագահելով` «Քրիստոս Գերեզման Իջնելով Իրեն Հետ Նաեւ Գերեզմանեց Մարդուն Մեղքը» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Քրիստոնեայ աշխարհին համար Աւագ ուրբաթը երկիւղածութիւն եւ յարգանք պարտադրող օր է` իբրեւ Յիսուս Քրիստոսի մարդկութեան հանդէպ ունեցած գերագոյն սիրոյ նշան, որուն համար յանձն առաւ Աստուածորդին գերեզման իջնել:
Արդարեւ, ուրբաթ, 29 մարտ 2013-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հարիւրաւոր հաւատացեալներ, իրենց նուիրաբերած ծաղիկներով զարդարեցին Քրիստոսի խորհրդանշական գերեզմանը եւ խուռներամ բազմութեամբ լեցուցին մայրավանքի շրջափակը: Քրիստոսի թաղման արարողութեան հանդիսապետեց` Արամ Ա. կաթողիկոս եւ այս առիթով ուղղեց իր հայրապետական պատգամը: «Սուրբ Աստուած»-ի պահուն վեհափառ հայրապետը եւ միաբան հայրեր Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող բեմին առջեւ իրենց վեղարները հանելով գլխաբաց ծնրադրեցին` կատարելով Աստուածորդիին Թաղման կարգը: Ծանրագին կտաւներով ծածկուած Քրիստոսի գերեզմանը զարդարուած էր նաեւ Կենաց խաչափայտի մասունքով եւ Կիլիկիայէն բերուած հնադարեան սպասներով:
Վեհափառ հայրապետը ներկայ բազմութեան ուղղելով իր հայրապետական պատգամը` օրուան խորհուրդին ընդմէջէն հաւատացեալներուն հաղորդեց Քրիստոսի Սուրբ գերեզմանին զօրութիւնը եւ անկէ ճառագայթող յարութեան շունչը: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Խաչը Քրիստոսէն առաջ հոմանիշ էր մահուան: Քրիստոսով ան եղաւ խորհրդանիշ կեանքի: Որովհետեւ Քրիստոս խաչ բարձրանալով ու գերեզման իջնելով յաղթեց մեղքին, չարին ու մահուան եւ մարդուն շնորհեց աստուածապարգեւ կեանքը: Քրիստոս գերեզման իջնելով իրեն հետ նաեւ գերեզմանեց մարդուն մեղքը: Ինչո՞ւ Քրիստոս գերեզման իջաւ. մարդուն համար: Մեր եկեղեցին ամէն օր «Սուրբ Աստուած» երգելով կը յիշեցնէ հաւատացեալին, թէ Աստուծոյ Որդին մեզի համար ծնաւ, մեզի համար խաչուեցաւ, մեզի համար թաղուեցաւ, որպէսզի մեզի համար յարութիւն առնէ: Յարութեան ճամբան խաչի ճամբայ է: Այսօր Քրիստոս խաչէն պատգամ մը կու տայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ըսելով` չվախնալ մեզ շրջապատող մեղքէն, չարէն, տառապանքէն, մահէն: Քրիստոսով մենք յաղթած ենք աշխարհին եւ աշխարհի ամէն տեսակ չար ուժերուն. ինչպէս կ՛ըսէ Պօղոս առաքեալ, Քրիստոսով մեր առջեւ բացուած է առաւել կեանքի ճամբան»:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, վեհափառ հայրապետը Քրիստոսի գերեզմանին վրայ դրուած «Կենաց փայտ»-ի մասունքով օրհնեց ներկայ հաւատացեալները: Հին աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալ ժողովուրդը անցաւ Քրիստոսի դատարկ գերեզմանին տակէն, ստացաւ Ս. գերեզմանէն բաշխուող ծաղիկները` յարութեան եւ անմահութեան յոյսը իրեն հետ տանելով իր տունը:

