Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքին Պատգամը. Քրիստոսի Յարութիւնը Մեծ Յաղթանակ Արձանագրեց Մահուան Դէմ
Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան առիթով, ի ձայն ցնծութեան ձեզի կը փոխանցենք մեր հայրապետական պատգամը արհիապատիւ արքեպիսկոպոսներ, եպիսկոպոսներ եւ առաջնորդներ, պատուական հովիւներ, սարկաւագներ, առաքինազարդ կուսաններ, յարգարժան հաստատութիւններու եւ միութիւններու պատասխանատուներ եւ աշխարհի վրայ սփռուած բոլոր մեր բարեպաշտ հայ կաթողիկէ հաւատացեալներ:
«Հարկ է, որ գտնուի մէկը, որ մեզի հետ ըլլայ վկայ Յիսուսի յարութեան» (Գ. Առ. 1,22)
Յոյժ սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր,
Յիսուսի փառաւոր յարութիւնը լսեցինք քիչ առաջ Ս. Մարկոսի աւետարանէն: Մեռած մարդու մշտատեւ յարութիւնը Յիսուսէն առաջ պատմութեան մէջ բնաւ տեղի չէ ունեցած: Նոյնիսկ Յիսուսի յարուցած մեռելները, ինչպէս Ղազարոսը, կրկին մեռան:
Աստուած ստեղծած է մարդը, որպէսզի չմեռնի: Անմահութիւնը դրոշմուած է մարդուն սրտին մէջ: Մահը, ինչպէս կ՛ըսէ Ս. Գիրքը, մեղքի հետեւանքն է: Մահը խանգարեց Աստուծոյ ծրագիրը ի նպաստ մարդոց, եւ մատնեց մարդը յուսահատութեան եւ փրկուելու անկարողութեան: Բայց, ո՛չ ոք կրնայ քանդել Աստուծոյ ծրագիրը: Ամենակալն Աստուած իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց մարդը ազատելու համար մեղքի բռնութենէն: Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց մահուան դէմ, ի շահ ամբողջ մարդկային ցեղին: Զայն կը վայելեն բոլոր անոնք, որոնք Յիսուսին կը հաւատան, եւ Անոր յարութեան վկաներ են: Այս եղաւ պայմանը, այսինքն` Յիսուսին յարութեան վկայ ըլլալը, որ առաքելապետը` Ս. Պետրոսը պահանջեց, որպէսզի Յուդայի տեղ, տասներկու առաքեալներուն կազմը վերահաստատուի: Եւ Մատաթիա ընտրուեցաւ:
Հրեաները, իրենց Զատիկը, այսինքն` իրենց ազատումին յիշատակը Փարաւոնի գերութենէն, տարին մէկ անգամ կը տօնեն: Քրիստոնեաները, իրենց Զատիկը, այսինքն` իրենց ազատումը մահէն, Յիսուսի Ս. Յարութեամբ, սկսած են տօնել ամէն կիրակի, որ է Ս. Յարութեան օրը, անկէ ետք, ամէն օր` Ս. պատարագի ընթացքին:
Ի՞նչ ըսել է Յիսուսի յարութեան վկայ ըլլալ: Եթէ յարութիւնը կը նշանակէ յաղթանակը մահուան վրայ, եւ մահը կը նշանակէ բոլոր ժխտական պատահարները, որոնք մեզի ցաւ կը պատճառեն, ինչպէս` տխրութիւնը, յուսալքումը, հիւանդութիւնը, գործուած մեղքերը, մեր անկարողութիւնը: Յարութեան վկայ ըլլալ կը նշանակէ այս ժխտական կէտերէն դուրս գալ եւ Յիսուսի յարութեան յաղթանակին մասին վկայել: Ասիկա կարելի է միայն հիմնուելով Յիսուսի կողմէ մեզի շնորհուած ուժին վրայ, շնորհին վրայ: Ով որ կը կարծէ, որ իր անձնական ուժերովը` իր ուշիմութեամբ, դրամով կամ գիտութեամբ կրնայ յաղթել իր կեանքի ամէն տեսակ դժուարութեան` յուսախաբութեան կը մատնուի, որովհետեւ անոր անկարողութիւնը թոյլ պիտի չտայ իրեն:
Բայց ով որ կը նկատէ, թէ ամենակարող Հայր Աստուած մը ունի երկինքին մէջ, թէ վարդապետ մը ունի` Յիսուս, որ յաղթեց մահուան, եւ թէ Ս. Հոգի մը ունի, որ անդադար իրեն իմաստուն ներշնչումներ կը պարգեւէ, այդ անձը Ս. Աւետարանի լոյսով կ՛ընթանայ, իր սահմանները կը գիտակցի, բայց ամէնէն կարեւորը` Աստուծոյ կամքը կը ճանչնայ եւ զայն կատարելու համար ջանք կը թափէ ամէն օր:
Այդ հաւատաւոր անձը երջանիկ է եւ խաղաղութեամբ կ՛ապրի, ո՛չ թէ որովհետեւ կատարեալ առողջութիւն կը վայելէ, կամ բոլոր մարդոց կողմէ գնահատուած է, եւ կամ որովհետեւ առօրեայ կեանքի նեղութիւններ չունի, այլ` որովհետեւ գիտէ, թէ նշեալ դժուարութիւնները մաս կը կազմեն Աստուծոյ ծրագիրին: Այդ հաւատացեալը կ՛ընդունի իր ներկայ վիճակը եւ սրտի խաղաղութիւնը կը վայելէ, այդ աստիճան, որ իր դրացիները, որոնք տեղեակ են իր ցաւերուն եւ նեղութիւններուն, կը զարմանան անոր խաղաղ եւ ուրախ տրամադրութեան վրայ:
Ծաղկազարդի տօնին առիթով, իր քարոզին ընթացքին, նորընտիր Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը այսպէս արտայայտուեցաւ. «Այրեր եւ կիներ, բնաւ տխուր մի՛ ըլլաք: Քրիստոնեան չի ճանչնար տխրութիւնը: Եւ բնաւ տեղի մի՛ տաք յուսահատութեան»: Եւ շարունակեց ըսելով. «Մեր ուրախութիւնը հիմնուած չէ մեր հարստութեան վրայ, այլ` մեր հանդիպումին վրայ Յիսուսին հետ: Որովհետեւ, մենք գիտենք, որ Անոր հետ մենք բնաւ առանձին չենք ըլլար, մանաւանդ դժուար պահերուն, երբ մեր առօրեայ կեանքը կը բախի զանազան հարցերու եւ խոչընդոտներու, որոնք անգերազանցելի կը թուին մեզի համար. Եւ ասոնք քիչ չեն»: Եւ աւելցուց կրկնելով երկու անգամ. «Չըլլա՛յ թէ ձեզմէ գողնան, այսինքն` ձեզմէ խափանեն ձեր յոյսը»:
Ս. Յարութեան վկայ է`
Ան, որ իր անձնական փորձառութեամբ գիտցաւ ինչպէս յաղթել տխրութեան, հպարտութեան եւ այլ մեղքերու:
Ան, որ ժամանակին իր ընկերները կը դատէր ու կը դատապարտէր, հիմա սկսած է անոնց արդարացում գտնել:
Ան, որ ժամանակ չէր գտներ աղօթելու, հիմա ամէն օր ժամանակ կը տրամադրէ աղօթքին, որուն մէջ անհրաժեշտ սնունդը կը գտնէ իր առօրեայ կեանքին համար` ապրելու իբրեւ հարազատ քրիստոնեայ:
Ան, որ անձնասէր ու դրամասէր էր եւ մարդոցմէ գնահատանք կը սպասէր, սկսաւ հիմա հասկնալ, որ եղբայրասէր ըլլալ եւ միայն Աստուծմէ սէր սպասել, իրեն համար թանկագին բան է եւ իր սրտին խաղաղութիւն կը բերէ:
Մէկ խօսքով` ան, որ առաջ կ՛ուզէր իր կամքը կատարել, փայլիլ մարդոց առջեւ եւ հարուստ ըլլալ, աւելի երջանկութիւն գտաւ Աստուծոյ կամքը փնտռելով աղօթքի ու Ս. Գիրքի ընթերցումի միջոցով, եւ անոր խօսքը կատարելով: Իսկ մնացածը ունայնութիւն նկատեց, ինչպէս մեզի տիպար օրինակ կը հանդիսանան Ս. Գրիգոր Նարեկացին եւ մեր բազմաթիւ սուրբ հայրերը:
Ան, որ անձնասիրութիւնը մէկդի դնելով սկսած է իր ժամանակը տրամադրել վկայելու Աստուծոյ մեծ ողորմութեան մասին, եւ մանաւադ Աստուծոյ սէրը մեղաւորներուն հանդէպ, որպէսզի իրեն դառնան եւ երջանիկ ըլլան:
Ան, որ չ՛ամչնար ապրիլ իր քրիստոնեայ կեանքը եւ զայն զուարթութեամբ եւ համեստութեամբ արտայայտել բոլորին առջեւ:
Ան, որ ամէն օր ժամանակ կը տրամադրէ զԱստուած փառաբանելու եւ անոր արքայութիւնը տարածելու մարդոց միջեւ` նման հարիւրաւոր այր ու կին քարոզիչներու:
Այո՛, այս է Քրիստոսի յարութեան կենդանի վկան, եւ անիկա արժանի է Յիսուսի առաքեալներուն շարքին դասուելու` Մատաթիայի նման:
Յոյժ սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, մաղթանքս է, որ ձեզմէ ամէն մէկը կարենայ վերոյիշեալ ուրախ փորձառութիւնը ունենալ, եւ իր շրջանակին մէջ վկայել Յիսուսի յարութեան եւ Քրիստոսի բազմաթիւ աշակերտներ շահիլ. ամէն:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

