Յոյս Կենդանութեան

«Ես եմ Յարութիւն եւ կեանք, որ հաւատայ
յիս, թէպետեւ մեռանի` կեցցէ» 9 Յովհ. 11:250

Եկեղեցւոյ առաջին եւ մեծագոյն տօնը Քրիստոսի յարութեան տօնն էր. անկախ տօնական կարեւորութենէն, Քրիստոսի յարութիւնը, առաջին դարու քրիստոնեաներուն համար, ի մասնաւորի Քրիստոսի առաքեալներուն համար, մեծ կարեւորութիւն ունէր իբրեւ ցայտուն եւ մեծագոյն ապացոյցը հոգիի անմահութեան, մահուան վրայ կեանքի յաղթանակին, կամ մարդկայնօրէն` կեանքի վրայ մահուան անզօրութեան:

Երբ առաջին եկեղեցին Յուդայի տեղ ուրիշ առաքեալ մը` Մատաթիան ընտրեց, նպատակը այն էր, որ Մատաթիան միանար առաքեալներուն` վկայելու Քրիստոսի յարութեան մասին:

Քրիստոսի յարութիւնը առաքեալներուն եւ քրիստոնեաներուն համար հաւատքի ամրութիւն եւ ներշնչումի աղբիւր եղած էր. անոնք անկէ քաղելով իրենց ուժն ու կորովը, խանդն ու կենսունակութիւնը, անվարան ու անվախ քարոզեցին զՔրիստոս` արհամարհելով իրենց կեանքին սպառնացող ամէն տեսակի վտանգ եւ չարչարանք:

Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին, իր առաքեալներուն սորվեցուց, թէ ինքն է յարութիւնը եւ կեանքը, ու իր այդ խօսքը ապացուցեց իր մահէն ետք, իր յարութեամբ մահուան վրայ տարած յաղթանակով, ինչպէս հայ եկեղեցւոյ ժամագիրքը գեղեցկօրէն կ՛ըսէ. «Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց»:

Քրիստոսի յարութիւնը ապացոյց է կեանքի յաղթանակին մահուան վրայ, եւ կեանքի յաղթանակն ալ ցուցանիշ է հոգիի անմահութեան:

Քրիստոսէն առաջ, մարդկային միտքն ու իմաստութիւնը ձգտեր ու ցանկացեր էին հոգիի անմահութեան: Յունական միտքը ընդունած էր, թէ նիւթը աստուածային չէ, բայց մարդուն հոգին աստուածային է եւ անմահ: Անոնք կը հաւատային, որ մարմինը բազմատարր ըլլալով մահէն ետք կը տարբաղադրուէր. իսկ հոգին միատարր ըլլալով կը պահէր իր գոյութիւնը գերեզմանէն անդին եւս:

Նոյնպէս հին աշխարհի քնարերգակ տիտաններ երգած են անմահութիւնը, կրօնի մեծ հիմնադիրներ իրենց կրօններուն մէջ կարեւոր տեղ տուած են անմահութեան յոյսին:

Մարդու բնութիւնը իր բնախօսական կազմութեամբ եւ հոգեկան աշխարհով եւս նշաններ կու տայ հոգիի անմահութեան:

Անոր իմացական, բարոյական, հոգեկան կարողութիւնները եւ կատարելութեան վսեմ իտէալները կը պահանջեն այնպիսի կեանք մը, որ չի կրնար պարփակուիլ մարդու կեանքի այս անձուկ շրջանակին մէջ: Մարդու կեանքը դէպի կատարելութեան ընթացք մըն է, ինչպէս որ Քրիստոս ըսաւ. «Եղերուք կատարեալ որպէս եւ հայրն ձեր կատարեալ է»: Ներսէս պատրիարք Վարժապետեան իր խորհրդածութիւններուն մէջ կը մերժէ ընդունիլ մարդուն սահմանափակումը մարմնաւոր կեանքի տեւողութեան մէջ. «Արդեօք ոչնչութեա՞ն համար են այն անդուլ, անդադար ջանքերը դէպի կատարելութիւն, դէպի յառաջդիմութիւն, դէպի լաւագոյն կեանք: Ի՞նչ… ի՞նչ կ՛արժէ քսան, քառասուն կամ հարիւր տարիներու համար այսչափ յոգնիլ: Եթէ ոչնչութեան համար է, ուրեմն թշուառ է մարդն եւ թշուառագոյն, զի մարդուն ձեռքով տնկուած ծառերն, շինուած շէնքերն քանի պատիկ աւելի կ՛ապրին, քան նոյնիսկ զանոնք տնկող, յերիւրող, յօրինող իմացական էակը: Ուրեմն նիւթը, ծառը կամ քարը բարեբաստի՞կ է, քան անոնց տէր եղող մարդը»:

Մարմնաւոր կեանքով սահմանափակուելու մարդուն մտահոգութեանց եւ հարցումներուն լաւագոյն պատասխանը կու տայ Քրիստոս իր յարութեամբ, թափուր գերեզմանով եւ հրեշտակներու աւետումով:

Քրիստոսի յարութեան աւետիսը կը սրտապնդէ բոլոր անոնք, որոնք մահուան գաղափարին դիմաց մտավախութիւնը ունին, որ իրենց կեանքը եւ անոր տենչերը անկատար պիտի մնան, անհուն կարողութիւնները` կաշկանդուած:

Քրիստոսի յարութիւնը կը յուսադրէ բոլոր այն անձերը, որոնք արդարութեան ծարաւի մնացած են այս կեանքին մէջ, դժնդակ կեանք մը նախատինքով ու դժուարութիւններով բաժին ինկած է իրենց` յուսալով անդենականին մէջ քաղել իրենց առաքինութեան պտուղը:

Եւ վերջապէս, Քրիստոսի յարութեան ներշնչումովն է, որ քրիստոնէութեան մեծ առաքեալը` Պօղոս կորնթացիներուն ուղղած իր գրութեան մէջ քրիստոնեաները քաջալերելով կ՛ըսէ. «Ո՞ւր է, ո՛վ մահ` քու յաղթութիւնդ, ո՞ւր է դժոխք` քու խայթոցդ»: Մահը հոգեկան ուժին դէմ անզօր է, բարոյական ու յաւիտենական արժէքներու առջեւ դիմադրողական զօրութիւն չունի, ու հաւատքի դէմ պայքարելու անկարող է: Դարձեալ Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ կորնթացիներուն գրութեան մէջ. «Երբ մահկանացուն հագնի անմահութիւն, եւ այս ապականացուն` անապականութիւն, այն ատեն պիտի կատարուի այն խօսքը, թէ մահը յաղթութեան մէջ ընկղմեցաւ»: Այդ անպարտելի մահը պարտուեցաւ Փրկիչին հրաշափառ յարութեամբ:

Որով, Քրիստոսի յարութեամբ է, որ մարդ տիրացաւ անմահութեան, ու անմահութեամբ եղաւ յաւիտենականութեան քաղաքացի: Անոր համար կը փառաբանենք զՔրիստոս եւ կ՛ըսենք ցնծագին`

Փառք յարութեան քո Տէր:

Աղօթարար`
ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

30 մարտ, 2013
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES