Հանրապետական Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Վերջ Տալու Վերջնագրերուն Եւ Առարկայական Երկխօսութեան Սկսելու
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Հանրապետական կուսակցութիւնը Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին կոչ կ՛ուղղէ վերջնագրերու լեզուով չխօսելու եւ առարկայական երկխօսութեան սկսելու:
Ազգային ժողովի հանրապետական փոխնախագահ, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ «գնդակը այժմ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի դաշտին մէջ կը գտնուի»` համոզում յայտնելով, որ Ժառանգութեան առաջնորդը իրավիճակը փակուղի կը տանի:
«Մենք մշտապէս երկխօսութեան կողմնակից ենք, բայց մենք երբեք պատրաստ չենք գոհացնելու այս կամ այն քաղաքական գործիչի կամակորութիւնները: Այդ իմաստով նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկները, նամակները ուժի մէջ են, ինք պատրաստ է քննարկելու, բայց մենք բաց ենք հրապարակային քննարկման համար, այլ ոչ թէ վերջնագրերը գոհացնելու համար, ուստի գնդակը կը գտնուի Րաֆֆիի դաշտին մէջ, թող ինք որոշէ», յայտնեց Շարմազանով:
Ան ընդգծեց, որ բոլոր այն քայլերը, որոնք դուրս են քաղաքական պայքարի տրամաբանութենէն եւ դուրս են քաղաքական օրակարգէն, վերջնագիր կը նկատուին: «Ի՞նչ կը նշանակէ պահանջել բաներ, որոնք կը հակասեն գործող սահմանադրութեան: Ի՞նչ կը նշանակէ, որ անպայման պէտք է Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունենայ հանդիպումը: Իրենց համար ձեւն է՞ կարեւորը, թէ՞ բովանդակութիւնը: Մեզի համար բովանդակութիւնը կարեւոր է, մենք համաձայն ենք հրապարակային երկխօսութեան, բայց ոչ երբեք երկխօսութեան հրապարակներուն վրայ, որովհետեւ հրապարակին վրայ երկխօսութիւն չի կատարուիր: Նախագահ Սարգսեան բարդոյթ չունի եւ վերջնագրերով չի տառապիր եւ ընդունուած չափանիշներուն ու կանոններուն համապատասխան իր հիւրերը կ՛ընդունի նախագահական նստավայրին մէջ: Եւ երկրորդ` Ազատութեան հրապարակ գայ ի՞նչ ընէ, հաւաքի՞ մասնակցի… կամ հազար հոգիի մէջ երկխօսութիւն ըլլայ: Քիչ մը անլուրջ է», շեշտեց Շարմազանով:

