«Արմաւիա» Ինքզինք Սնանկացած Յայտարարեց

Հակառակ անոր որ «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարած էր, որ 1 ապրիլէն պիտի դադրեցնէ թռիչքները եւ սնանկացման հոլովոյթ պիտի սկսի, սակայն արդէն երէկ իսկ դադրեցան անոր թռիչքները:

Մասնաւորաբար` «Արմենիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութեան կայքէջին վրայ թռիչքներու ցուցակներուն «Մեկնում» եւ «Ժամանում» բաժիններուն մէջ «Արմաւիա» ընկերութեան կողմէ իրականացուող թռիչքներուն դիմաց գրուած է «դիմել ընկերութեան»:

Մեկնումներուն մէջ նախատեսուած էր Տուպայ, Քրասնոտար, Մոսկուա, իսկ ժամանումներուն մէջ` Քրասնոտար, Տուպայ, Մոսկուա:

Ինքզինք սնանկացած յայտարարած ընկերութիւնը հաստատեց, որ թռիչքները եւ սպասարկումը դադրեցան երէկ, իսկ 1 ապրիլին պիտի սկսին ճամբորդներու փոխհատուցումները բաժնել:

 

Share this Article
CATEGORIES