Յովհաննէսեան Հացադուլը Պիտի Դադրեցնէ Կիրակի Օր
Հայաստանի նախագահական ընտրութեան պաշտօնական արդիւնքները վիճարկող Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին յայտարարեց, որ կիրակի, 31 մարտին, Ս. Զատկուան պատարագէն ետք պիտի դադրեցնէ իր հացադուլը:
Յովհաննէսեան հացադուլին սկսած էր 10 մարտին:
CATEGORIES Հայկական

