Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ կը կասկածիք ձեր մէկ պաշտօնակիցին աննպաստ վերաբերումէն, ձեւով մը անոր հասկցուցէք, թէ գիտակից էք իր կեցուածքին: Մի՛ վհատիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ լաւ յարաբերութիւն պիտի ունենաք օտարներու հետ` ձեր գործին վերաբերեալ: Այս յարաբերութիւնը կրնայ մնայուն դառնալ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ մէկու մը փոխ դրամ տուած էք կամ գումար մը ունիք առնելիք, բնական է, որ պահանջէք զայն` առանց քաշուելու: Կը յաջողիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ մէկը ուրիշին հետ բանակցութիւն մը կատարէ, մի՛ միջամտէք, անտեղեակ մնացէք, որպէսզի ձախողութեան պարագային յանցաւոր չըլլաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ մի՛ յոգնիք, դադար մը տուէք ձեր վազքին: Աշխատանքը դասաւորելը վարպետութիւն կը պահանջէ: Խոհեմութեամբ շարժեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ սիրոյ մէջ փափուկ եւ սիրալիր վերաբերումը անկեղծ է, շուտ կը հաստատուի: Զգացումները այս պարագային չեն ծածկուիր:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դժուար է դրամը եւ տնտեսութիւնը բնական ձեւով պահել, երբ դժուար հարցեր ունիք: Գիտցէք սակայն, որ այս փոթորկոտ օրերը շուտ պիտի անցնին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Լուրջ խօսակցութիւնը կարեւոր դեր մը պիտի ունենայ` ձեր հարցը երկխօսութեամբ, փոխադարձ հասկացողութեամբ կատարելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր աշխատանքի վայրին մէջ դուք ձեզ աւելի լաւ կը զգաք: Շարունակեցէք նոյն վերաբերումով գործակցիլ ձեր շուրջիններուն հետ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր յարաբերութիւնը զգացական մարզի մէջ լաւ ընթացք պիտի ունենայ եւ պիտի ազդէ ձեր ընտրած անձին: Օրը ունի հաճելի պահեր:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նիւթական ձեր վիճակը թէեւ դրական չէ, բայց կրնաք դաս մը քաղել այս փորձառութենէն: Մտահոգիչ բան չունիք, մնացէք հանդարտ: Օրը ունի օգտագործելու լաւ առիթներ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աշխատանքի գործընկերներուն հետ լաւ կապ մը պիտի ունենաք որքան աշխատանքի նոյնքան ալ բարեկամութեան մէջ: Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք օգտակար խորհրդակցութիւններ:

