50 Տարի Առաջ (2 Ապրիլ 1963)

Հաւատացեալներու Խուռներամ
Բազմութեան Մը Ներկայութեան

Ուխտի Օրը Շքեղօրէն Տօնուեցաւ Անթիլիասի Մէջ
Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանի Նախագահութեամբ
Կատարուեցաւ Վեհափառին Հոգեհանգիստը

Երէկ` կիրակի, 31 մարտ, հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը փութացած էր Անթիլիաս` ներկայ գտնուելու համար Անթիլիասի Ուխտի օրուան տօնակատարութեան, ինչպէս նաեւ` երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի քառասունքի հոգեհանգիստին:

Եկեղեցին, բակն ու վեհարանը լեցուած էին խուռն բազմութեամբ մը, բոլորն ալ եկած` յարգանքի իրենց վերջին տուրքը մատուցանելու հոգելոյս հայրապետի յիշատակին:

Ժամը ճիշդ 9:00-ին Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Առաքելական Աթոռի պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեան, պատարագիչի զգեստաւորումով, վեհարանէն իջաւ շքեղ թափօրով մը եւ մուտք գործեց մայր տաճար:

Հանդիսաւոր Ս. պատարագը երգուեցաւ քառաձայն, Եկմալեան եղանակով, «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի:

Պատարագիչ պատրիարքին կը սպասարկէին Տրդատ վրդ. Քէշիշեան եւ Մեսրոպ աբղ. Աշճեան: Բուրվառակիրներն էին Մաշտոց աբղ. Յովսէփեան եւ Եզնիկ աբղ. Բալայեան:

«Հայր մեր»-էն առաջ պատարագիչ պատրիարքը խօսեցաւ հոգեշունչ քարոզ մը` վեր առնելով արժանիքները հոգելոյս կաթողիկոսին: Պատրիարքին քարոզը ամբողջութեամբ պիտի տանք մեր յաջորդ թիւով:

Յաւարտ Ս. պատարագի, կազմուեցաւ շքեղ թափօր մը: Պատրիարք հայրը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը ձեռին, Տաճատ արք. Ուրֆալեան եւ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան եւ միաբան հայրեր սրբազան այլ մասունքներ բռնած` առաջնորդեցին թափօր մը, որ կազմուած էր աբեղաներէ, սարկաւագներէ, քահանայ հայրերէ եւ դպիրներէ:

Թափօրը ուղղուեցաւ վեհին գերեզմանը, ուր հոգեհանգստեան տխուր արարողութիւններ կատարուեցան: Յաւարտ արարողութիւններու, դամբանականներ խօսեցան Ճեզիրէի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան եւ Ճորճ Մարտիկեան, որ մասնաւոր կերպով, վեհափառի քառասունքին ներկայ գտնուելու համար եկած էր Միացեալ Նահանգներէն` իր յարգանքը մատուցելու:

Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի Դամբանականը

«Քառասուն օրեր առաջ այս հողին յանձնեցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետը:

Ամբողջ քառասուն օրեր հայ ժողովուրդը սգաց եւ ողբաց վաղաժամ մահը իր աննման հայրապետին:

Այժմ, երբ դարձեալ համախմբուած ենք իր հողակոյտին առջեւ մեր տուրքը տալու, մեր մտածումը կ՛երթայ իր ծառայութեանց, իր կատարած գործին:

Զգացումէ աւելի, այժմ կը մտածենք իր գործի շարունակութեան մասին: Գերեզմանէն ասդին, մեզի կը բացուի գործունէութեան նոր շրջան մը` իր յիշատակը կարենալ վառ պահելու համար մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ:

Երանաշնորհ հայրապետը կտակ մը ձգեց մեզի եւ մենք` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններս ուխտած ենք իր լինելութեան հասցնել իր կտակը եւ փափաքը: Անսասան պահել Կիլիկիոյ այս դարաւոր Աթոռը, որպէսզի անիկա իր առաքելութիւնը անշեղօրէն կատարէ: Վառ պահել, անաղարտ պահել Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին, թոյլ չտալ, որ քաղաքական նպատակներու ծառայէ, այլ դառնայ հայ ժողովուրդի հոգեւոր գոյութեան, ոգեկան փրկութեան կեդրոնը:

Հաւատարիմ մնալ իր կտակին, հաւատարիմ մնալ իր յիշատակին, իր այնքան սիրելի խօսքին. «Հայ ժողովուրդ, սիրեցէ՛ք զիրար, սիրեցէ՛ք ձեր մայրենի լեզուն, եկեղեցին, գուրգուրացէք անոնց վրայ»:

Ժողովուրդ եւ եկեղեցականութիւն կիլիկեան ուխտեալ միաբանութեան, դարձեալ կը կրկնենք մեր երդումը եւ կ՛ուխտենք, վեհափառ տէր, երանաշնորհ հայրապետ, հանգիստ ննջէ յաւիտենական քունիդ մէջ, կանգուն պիտի պահենք մեր Աթոռը, անաղարտ պիտի պահենք Հայաստանեայց Ս. եկեղեցին` ի փառս հայ ժողովուրդին»:

Օրհնեա՜լ ըլլայ իր յիշատակը:

Ճորճ Մարտիկեանի Յուզիչ
Դամբանականը

«Սրբազան պատրիարք հայր, սրբազա՛ն հայր, հայր սուրբեր, արժանապատիւ քահանաներ եւ հայ ժողովուրդ, մեծ է կորուստը, մեծ է կորուստը հայ ժողովուրդին, մեծ է կորուստը հայ եկեղեցիին, համայն քրիստոնէութեան:

Հաւաքուած ենք քառասունքի առիթով, թրջելու իր գերեզմանը մեր արցունքներով: Մի՞թէ ես այստեղ պիտի ըլլայի այս ցաւալի պարտականութեան համար, բազմաթիւ մղոններ կտրելով գալու եւ արտասուելու ձեզի հետ կորուստը մեր վեհափառին: Ի՞նչ է պատահեր մեր հայ ժողովուրդին:

Իր բարութեամբ, իր մաքրութեամբ, սրբութեամբ մեզի պատգամ մըն է, որ կը ձգէ: Ամբողջ եօթը տարի չարչարեցին զինք, իր սիրտը բզկտեցին, սակայն ան միշտ մեզի զգացուց, թէ միակ ճամբան, միակ միջոցը սէրն է, հաւատքն է, միաբանութիւնն է: Այս ի՜նչ դժուարին պարտականութիւն է ինծի` գալ եւ լալ իր գերեզմանին վրայ:

Իմ թանկագին վեհափառս, ձեր գործունէութեամբ եւ ձեր աստուածային շնորհքովը դուք մեր ժողովուրդին պահապանն էիք: Ձեր յիշատակովը պիտի ապրինք երկար ժամանակ:

Ձեր կոթողը հիմնեցիք: Ձեր կոթողը պիտի չըլլայ այն փառաւոր գիրը, որ պիտի դրուի ձեր շիրմաքարին վրայ: Ձեր կոթողը այս վանքն է, ձեր կոթողը մեր Ամերիկայի եկեղեցիներն են:

Մեր սրբազան պատրիարքը, սքանչելի արժեւորումով մը կը կոչէր զինք շինարար, բարի հայրապետը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ:

Ուզեցի ամենաթանկագին, ամենասուղ, ամենաարժանաւոր նուէրը բերել, որպէսզի շիրիմին վրայ դրուի, չգտայ: Ադամանդները, ոսկիները ոչ մէկ նշանակութիւն ունին: Բայց բերի ինծի հետ ափ մը հող Հայաստանէն, որ ինծի վերապահած էի, ափ մը հող, որուն մէկ մասը թափած էի անմահ հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանին վրայ: Զրկելով ինքզինքս` բերած եմ ինծի մնացած բաժինը, այդ հողը  համբուրելու բախտին արժանացած էի, որուն համբուրելու ինքն ալ արժանի էր:

Ուստի, իմ թանկագին ժողովուրդս, կը խնդրեմ թախանձագին, մասնաւորապէս իմ արիները, իմ երիտասարդութիւնը, որ շարունակէք անոր ուխտէն ընթանալ, հաւատաք անոր քարոզութեան, կարդաք անոր բոլոր պատգամները եւ այն ժամանակ պիտի հաւատաք անոր, թէ ի՛նչ ծանր բան է, պիտի տեսնէք, թէ իսկապէս հայութիւնը կորսնցուցած է իր ամենամեծ զաւակը:

Այս սուգին առիթով, խնդրեմ, ընդունեցէք իմ խորին ցաւակցութիւններս»:

Դամբանականներէն ետք, հանդիսաւոր թափօրը, աւանդական սովորութեամբ, շրջան մը կատարեց վանքէն ներս:

Արարողութիւններէն ետք պատարագիչ սրբազանը առաջնորդուեցաւ վեհարան, օրհնելէ ետք հաւատացեալ ժողովուրդը:

Վեհի գերեզմանին շուրջ հաւաքուած` երկար մնաց հաւատացեալ ժողովուրդը: «Կոմիտաս» երգչախումբը անգամ մը եւս ապրումով երգեց վեհին այնքան սիրած «Երբ որ բացուին»-ը:

Share this Article
CATEGORIES