Միջինք ՀԲԸՄ-ի Տիկնանց Համախմբումի Կազմակերպութեամբ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի Տիկնանց համախմբումի կազմակերպութեամբ, չորեքշաբթի, 6 մարտ 2013-ին «Ֆինիսիա» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական միջինքի Ճաշը` հովանաւորութեամբ Մէյ Նաժիպ Միքաթիի, որուն ներկայացուցիչը` Նուար Հասսան Տիապ ներկայ էր ձեռնարկին:

Բացման խօսքը արաբերէնով կատարեց համախմբումի ատենապետ Գալին Վանլեան-Եաւերեան, որմէ ետք հայերէնով` Շողիկ Պաղտասարեան:

Անոնք ողջունելէ ետք աւելի քան 250 ներկաները, յիշեցին, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր շարունակ ՀԲԸՄ Լիբանանի եւ յատկապէս Տիկնանց համախմբումին նպատակը եղած է պահպանել մեր ինքնութիւնն ու աւանդութիւնը: Արդարեւ, անոնք շեշտեցին միութեան եւ համախմբումին բարեսիրական նպատակը, որ աւանդութիւն դարձուցած է կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկներուն հասոյթը տրամադրել միութեան վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներուն:

Գեղարուեստական յայտագիրը կ՛ընդգրկէր պարեր` կատարողութեամբ «Տենսինք ուիթ տը սթարզ» յայտագիրի աստղերէն Ապտօ Տալլուլին  եւ իր զոյգին` Ռիթա Մրատին, ինչպէս նաեւ նուագ` Փիեռ Պասպուսի (դաշնակ) եւ ժիլպեր Անտալաֆթի (ջութակ), որոնք իրենց պարերով եւ նուագած եղանակներով հմայեցին ներկաները:

Այս առիթով կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES